Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Ֆաքրայի Հռոմէական տաճարի հնութիւններուն մօտ նշուեցաւ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 241-ամեակը:
Այս առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարութեան, Քֆարտըպիանի քաղաքապետարանին, ինչպէս նաեւ հնութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան, որոնց արտօնութեամբ կարելի եղաւ պատմական այդ վայրին մէջ նշել Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տարեդարձը:
Ռիչըրտ յայտնեց, որ ժողովրդավարական իւրաքանչիւր վարչակարգ, ներառեալ նաեւ Լիբանանը, դժուար հարցեր կը դիմագրաւէ: «Այդ մարտահրաւէրներուն մէկ մասը արտաքին կը նկատուի, ինչպէս Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն սպառնացող տագնապն ու սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած իրավիճակը», ըսաւ ան:
Ռիչըրտ նշեց, որ հակառակ այն իրականութեան, որ Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ բաւական տարբեր են իրարմէ, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը, «սակայն լիբանանցիներուն հետ կը բաժնենք շատ մը շահեր եւ արժանիքներ», ընդգծեց ան:
Ռիչըրտ ըսաւ. «Բոլորս կը փափաքինք մեր զաւակներուն համար փայլուն ու խաղաղ ապագայ մը կերտել` անոնց համար երաշխաւորելով ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը, հսկելով ընկերութեան բազմազանութեան ու անոր նկատմամբ յարգանքին վրայ», շեշտեց ան:
Ռիչըրտ իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը հաւատան Լիբանանի հետ գործակցութեան եւ պիտի շարունակեն իրենց ներդրումները` երաշխաւորելով միացեալ ապագայ մը: