Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարարեց, որ ընտրական օրէնքը վաւերացնելէ ետք, պէտք է անցնիլ քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերուն լուծման` աւելցնելով, որ այդ ջանքերուն զուգահեռ պէտք է նաեւ պատրաստուիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշդուած թուականին` մագնիսական քարտը ապահովուի կամ ոչ: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները ոչ մէկ կերպով պիտի յետաձգուին, եւ մագնիսական քարտը չի կրնար այդ ընտրութիւնները յետաձգելու պատճառաբանութիւն դառնալ», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ օրէնսդրական եւ կառավարական գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նշանակումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` դիւրացնելու համար պետական կառոյցներուն աշխատանքը:
Պըրրի ընդգծեց նաեւ Լիբանանի նաւթի հարստութիւնը օգտագործելու եւ ներդրումներ ապահովելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ Լիբանան իր տնտեսական շրջանի բոլոր իրաւունքները պէտք է օգտագործէ:
Անդրադառնալով խորհրդարանի նիստերուն` Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը աշխատավարձի յաւելումներն ու պետական ամավարկը պիտի վաւերացնէ յուլիս ամսուան ընթացքին: «Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը յանձնառութիւն յայտնած են աշխատավարձերը վաւերացնելու, եւ ոչ ոք պէտք է ուրանայ պետական պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն իրաւունքը` նկատի ունենալով անոնց դիմագրաւած կենցաղային եւ ապրուստի դժուար պայմանները», ըսաւ ան: