Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քաակ այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, յատկապէս Լիբանանի նաւթի թղթածրարը, ծովային սահմանագծումը հովանաւորելու ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնն ու սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: