ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ պաքալորէայի քննութիւններուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին շաբաթ, 8 յուլիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի կտրականապէս մերժեց գործակցիլ սուրիական վարչակարգին հետ` զայն նկատելով ոճրագործ վարչակարգ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նշեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտեցումը խաղաղ է` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն այդ թղթածրարին ամբողջական լուծման:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց, որ լիբանանեան վարչակարգին պատճառած հիմնական հարցը այն է, որ ան շրջաններուն բնակիչները վերածած է երկրորդ կարգի քաղաքացիներու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է սուրիացի տեղահանուածներուն յատուկ գաղթակայաններուն մէջ տիրող իրավիճակին իրապաշտ լուծումներ տրամադրել: Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու հաւանականութեան` Ռիֆայի յայտնեց, որ այդ իմաստով գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները կրնան այդ թղթածրարին վերջնականացումը յետաձգել 15 յուլիսէն ետք գումարուելիք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը ամրապնդուած է` շնորհիւ երկրին ապահովական կառոյցներուն գործունէութեան: