Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ շեշտեց, որ Իսրայէլ լաւատեղեակ է, թէ Հըզպալլա զէնքի արտադրութեան գետնափոր գործարաններ ունի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները այս իմաստով քայլերու պիտի նախաձեռնեն:
Լիպըրման յայտնեց, որ այդ գործարանները կը հիմնուին Իրանի հաւանութեամբ` շեշտելով, որ Իսրայէլ չի կրնար անտեսել զէնքի արտադրութեան յատուկ գործարաններու գոյութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ 2006-ի պատերազմէն ետք իսրայէլեան բանակը գերազանցած է Հըզպալլայի ուժը: