Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Լիբանանցի Ժողովուրդը Իր Հողը Կրնայ Պաշտպանել Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակումէ Եւ Օտար Կռուողներու Կարիք Չունի»

July 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին հովանաւորեց Անտոնեան հայրերու համալսարանի աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր հողը կրնայ պաշտպանել իսրայէլեան որեւէ յարձակումէ` աւելցնելով, որ ան օտար կռուողներու եւ միլիսներու անդամներու կարիքը չունի, ինչ ազգութեան որ ալ պատկանին անոնք:

Հարիրի նշեց, որ այդ միլիսներուն Լիբանան գալու եւ Իսրայէլի դէմ կռուելու մասին վերջերս հնչած յայտարարութիւնները Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը չեն արտայայտեր:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները մեր դիմաց կը գտնուին, եւ լիբանանցիները իրենք պիտի ըսեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն ապահովել Լիբանանի համար», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց, որ լիբանանցիները վարժ են ազատութեան` աւելցնելով, թէ այդ է հիմնական պատճառը, որ անոնք միշտ արտագաղթի մասին կը մտածեն:

«Հետեւաբար իմ պարտականութիւններուս մէջ առաջնահերթութիւն կը նկատեմ լիբանանցի երիտասարդներուն աշխատանք ապահովելը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական բարգաւաճման ապահովումը», ըսաւ ան:

Հարիրի ընդգծեց նաեւ, որ իրենց պատասխանատուութիւններէն մէկը կը նկատուի Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումը:

Միւս կողմէ, «Նաշրա» լրատուական կայքին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Հարիրի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` արծարծելու համար չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգը:

 

Նախորդը

Սարրաֆ. «Տեղահանուածներուն Իրաւունքներուն Ու Ապահովութեան Տէր Պիտի Կանգնինք` Միաժամանակ Դիմադրելով Ահաբեկչութեան»

Յաջորդը

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումներն Ու Պետական Ամավարկը Պիտի Վաւերացնենք Յուլիս Ամսուան Ընթացքին»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.