«Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Կերտենք, Սակայն 7 Ամիսէն Բարեկարգումները Կարելի Չէ Իրականացնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահը հրաւիրեց հովանաւորելու բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով` 1 օգոստոսին Ֆիատիէի մէջ տեղի ունենալիք Սպայից վարժարանի աւարտական հանդէսը: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Քեսրուան գաւառի Ղազիր գիւղաքաղաքի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Շարլ Հատտատի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն վերահաստատեց լիբանանեան պետութիւնը կերտելու աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով երդման ճառին վրայ: Նախագահ...




















