Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Կերտենք, Սակայն 7 Ամիսէն Բարեկարգումները Կարելի Չէ Իրականացնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

July 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահը հրաւիրեց հովանաւորելու բանակի հիմնադրութեան տօնին առիթով` 1 օգոստոսին Ֆիատիէի մէջ տեղի ունենալիք Սպայից վարժարանի աւարտական հանդէսը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Քեսրուան գաւառի Ղազիր գիւղաքաղաքի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Շարլ Հատտատի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն վերահաստատեց լիբանանեան պետութիւնը կերտելու աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով երդման ճառին վրայ:

Նախագահ Աուն շեշտեց օրէնքները գործադրելու եւ սահմանադրութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ ներկայ իշխանութիւններէն լիբանանցիներուն ակնկալութիւնը մեծ է` նկատի ունենալով, որ աւելի քան 27 տարիէ ի վեր երկրին մէջ կացութիւնը ամէն իմաստով նահանջի մէջ եղած է:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պետութիւնը կերտելու աշխատանքը պիտի շարունակուի, սակայն անկարելի է, որ բարեկարգումը 7 ամիսէն իրականանայ:

«Քանդելը դիւրին է, եւ անոր հետեւանքները վայրկենական են, իսկ վերաշինութիւնը` ժամանակի եւ յաւելեալ ջանքերու կը կարօտի», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն դրուատեց նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` երկրին ապահովական կայունութեան պահպանման միտող: Ան հաստատեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանան պիտի կարենայ տնտեսական մարզին մէջ բարգաւաճում արձանագրել, հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ աշխատանքը խոչընդոտող արշաւներուն:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` հաւատալու, թէ բարեկարգումը պիտի իրականանայ:

Իր կարգին, Հատտատ յայտնեց, որ Լիբանան այսօր մշակութային տագնապ մը կը դիմագրաւէ եւ անոր կը պակսի քաղաքականութեան մշակոյթը, որուն պատճառով ալ պետութեան ըմբռնումին շուրջ հարց կայ:

Հատտատ նշեց, որ հարկ է լիբանանեան պետութիւնը կառուցել երկու հիմնական յատկանիշներու վրայ` պարկեշտութեան եւ նիւթական կարելիութիւններուն:

Հատտատ նախագահ Աունի փոխանցեց Ղազիրի բնակիչներուն ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները` ազգային իր պատասխանատուութիւնը շարունակելուն: Ան ներկայացուց Ղազիրի բնակչութեան պահանջները` ճամբաներու եւ կոյուղիներու շինութեան, ըմպելի ջուրի ապահովումին, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի որոշ ծրագիրներու վերաբերող:

Նշենք, որ Մուսուլի ազատագրումին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորագիր մը յղեց Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Իրաքի գերիշխանութիւնը վերահաստատելու իմաստով Մուսուլի մէջ արձանագրուած յաղթանակը նուաճում կը նկատուի, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներուն ծրագիրներուն դէմ հզօր հարուած կը նկատուի:

 

Նախորդը

«Մուսուլի Յաղթանակը Կը Վերաբերի Շրջանի Ժողովուրդներու Ճակատագիրին Եւ Ապագային» Հաստատեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Արսալի Մէջ Բանակը Սպաննեց Երկու Ահաբեկիչներ Եւ Ձերբակալեց Երեք Ուրիշներ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.