Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շաբաթ կէսօրին յայտարարեց պաքալորէայի պետական քննութեան արդիւնքներուն արձանագրուած յաջողութեան համեմատութիւնները, որոնք են. Ընդհանուր գիտութիւններ` 90 առ հարիւր, Կենսաբանութիւն` 81,4 առ հարիւր, Գրական` 77 առ հարիւր եւ Ընկերատնտեսական` 73 առ հարիւր:
Համատէ շնորհաւորեց յաջողած աշակերտները եւ ձախողած աշակերտները քաջալերեց ներկայանալու վերաքննութեան:
Ան յայտնեց, որ պրէօվէի վերաքննութիւնները պիտի սկսին 27 յուլիսին, իսկ պալաքորէայի վերաքննութիւնները` 3 օգոստոսին:
Համատէ շնորհակալութիւն յայտնեց պետական քննութիւններ կազմակերպող, քննութիւններուն հսկող եւ սրբագրող բոլոր ուսուցիչներուն, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաքի եւ պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու սենտիքաներուն եւ համադաշնակցութիւններուն:
Համատէ շեշտեց, որ պաքալորէայի պետական քննութիւններու արդիւնքներուն համեմատութիւնը բնական է` աւելցնելով, որ բոլոր նահանգներուն հետ բաղդատելով Նապաթիէի մէջ արձանագրուած է յաջողութեան ամէնէն բարձր համեմատութիւնը:
ՆՇԵՆՔ նաեւ, որ հակառակ ներքին գործոց նախարարին եւ ապահովութեան ուժերուն արձակած` յաջողութեան ուրախութեան առիթով օդը չկրակելու կոչերուն, լիբանանցին մնաց անտարբեր եւ շարունակեց գործադրել իր աւանդութիւնը: Օդը կրակելու իբրեւ հետեւանք կոյր փամփուշտի պատճառով մահացաւ 7 տարեկան երեխայ մը: Այլ պարագայի մը, հօր մը «ուրախութեան կրակոց»-ին զոհ գնաց քննութիւններուն յաջողած իր տղայ զաւակը:



