ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ այսուհետեւ պետական պաշտօնեաներու համագործակցականը պիտի ստանձնէ իր անդամներուն եւ անոնց ընտանիքներուն (ծնողք, ամուսին, զաւակներ) քիմիական միջոցներով դարմանումի ծախսերը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի տնտեսական Դ. յեղափոխութեան սեմին: Ան աւելցուց, որ առողջապահական ճարտարարուեստը պիտի ըլլայ այդ յեղափոխութեան շրջագիծին մէջ:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Արսալի մէջ բանակին կատարած յատուկ գործողութիւնը ահաբեկիչներուն դէմ գործուած ապահովական քայլ մըն է, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլալ: Ան հաստատեց, որ բանակը ամբողջական զօրակցութեան արժանի է, որովհետեւ ան երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանած է` դիմադրելով ահաբեկիչներուն:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Սպայից վարժարանի աշակերտներուն Մլիթա այցելութիւնը մեծ սխալ մըն է:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ ձերբակալուած սուրիացիներու մահուան պատճառներուն մասին բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, «իսկ բանակը կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ գործադրելիք ապահովական իր արշաւը»:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ Սայտայի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին շեշտեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները պէտք է վերստանձնեն իրենց դերակատարութիւնը` լիբանանեան բանակին զօրակցելու իմաստով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ խորհրդարանին կողմէ պետական պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը հեզասահ պիտի ըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ բանակին մասին յայտարարութիւնները անկարելի է կաշկանդել` աւելցնելով, որ ապահովական իմաստով Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը առկայ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իսկապէս ցաւալի է Արսալի մէջ գործադրուած զինուորական յատուկ գործողութեան լոյսին տակ բանակին հասցէին քննադատութիւն լսել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է, իսկ ապահովական կառոյցները պետութեան համազօր են: Ան ընդգծեց, որ բանակն ու ապահովական կառոյցները կասկածի տակ առնելը բացարձակապէս արգիլուած է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ արաբ ազգին պատմութիւնը Դիմադրութեան նահատակներով պիտի գրուի, իսկ զանոնք քննադատողները պատմութեան աղբամանը պիտի նետուին:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Շատի Սաատ յայտնեց, որ Լիբանան կարիք ունի Սուրիոյ հետ գործակցելու, կոչ ուղղելով` վերջ տալու տղայական քաղաքականութիւններուն, որոնց գինը սուղ պիտի վճարեն լիբանանցիները: Սաատ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը միշտ ալ կարմիր գիծ եղած է:
«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, ռուս բարձրաստիճան զինուորական մը այցելած է Հարաւային արուարձաններ, ուր ան հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ եւ անոր փոխանցած ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ նամակ մը, որուն մէջ արձանագրուած է, թէ Մոսկուա կը մաղթէ, որ շրջանին մէջ տիրող պատերազմին ծիրին մէջ Հըզպալլա որոշ դերակատարութիւն ստանձնէ: