Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը ընդգծեց բանակին զօրակցելու եւ զայն պաշտպանելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմադրել Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչութեան:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հովանաւորութիւնը վայելող լիբանանեան բանակին գործունէութիւնը կասկածի ենթակայ պէտք չէ դարձնել, յատկապէս նկատի ունենալով բանակին քաջութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կամքը եւ այս իմաստով անոր արձանագրած յաղթանակները:
Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ բանակին զինումը եւ հզօրացումը, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել երկրին սահմանները, ինչպէս նաեւ պահպանել ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Պլոքը վերահաստատեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող իր կոչը` շեշտելով, որ գաղթականներուն տունդարձը կարելի է ապահովել միայն ՄԱԿ-ի հետ գործակցութեամբ եւ Սուրիոյ մէջ անոնց փոխադրուելիք ապահով շրջաններուն մասին միջազգային երաշխիքներու ապահովումով: