Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ կրթական գրասենեակները կը պատկանին կուսակցութիւններուն, որոնք սենտիքայի ընտրութիւններուն նպատակով ընդարձակ ընտրական դաշինք մը գոյացուցած էին:
Ան խստիւ դատապարտեց կուսակցութիւններուն դէմ սենտիքայի նախկին նախագահ Նաամէ Մահֆուտի քննադատութիւնները` աւելցնելով, որ Մահֆուտ երեք նստաշրջանի ընթացքին վարած է սենտիքայի նախագահութիւնը շնորհիւ իր անձին հանդէպ կուսակցութիւններուն զօրակցութեան:
Ապպուտ շեշտեց, թէ շատ բնական է, որ ուսուցիչները փոխեն իրենց թեկնածուն եւ Դ. նստաշրջանի համար նոյն թեկնածուին չքուէարկեն:
Ան հաստատեց, որ ինք ժողովրդականութիւն փնտռող եւ քաղաքական ձգտումներ ունեցող անձ մը չէ:
«Հիմնական նպատակս աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումն է, ապա սենտիքայի աշխատանքներուն կարգաւորումը: Պէտք է ստեղծել արդիական կերպով գործող ուսուցիչներու սենտիքայ մը», ըսաւ ան: