Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Մաքրոնը`  Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Մաքրոնը` Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին: Նախագահ Աուն դրուատեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել եւ ամրապնդել` Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու համար: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Իսլամական համալսարանի նախագահ Տինա Մաուլան` ընկերակցութեամբ ֆրանսական համալսարաններու...

Պասիլ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Տեղահանուածներու  Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Պասիլ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ալի կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերադառնալու իրենց երկիրը` նկատի ունենալով, որ Սուրիա կը վերագտնէ իր ազատութիւնը, իսկ սուրիական տարբեր շրջաններուն մէջ հաշտութիւնները հետզհետէ կ՛ամրապնդուին: Ալի նշեց...

Առեւանգուած Բանակայիններուն  Ընտանիքները Ռիատ Սոլհ Հրապարակին  Վրայ Նստացոյց Մը Կատարեցին

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Ռիատ Սոլհ Հրապարակին Վրայ Նստացոյց Մը Կատարեցին

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին նստացոյց մը` որոշ ժամանակի մը համար փակելով դէպի հրապարակ տանող ճամբաները: Բանակայիններուն հարազատները փակեցին նաեւ Դրամատուներու փողոցը` ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ: Նստացոյցին ընթացքին առեւանգուած բանակային Մահմուտ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ, լիբանանեան պետութենէն պահանջեց լուծել իրենց առեւանգուած զաւակներուն թղթածրարը: Եուսեֆ շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները կ՛անտեսեն իրենց զաւակները եւ օդին մէջ...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Երկու Սուրիացիներ

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին ՏԱՀԵՇ-ի Երեք Անդամներ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ երեք լիբանանցիներ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ լիբանանցի երիտասարդներ զինուորագրելու պարտականութիւն ստանձնած էին: Հարցաքննութեան ընթացքին երեք ահաբեկիչները հաստատած էին, որ իրենց հրահանգները կը ստանան ՏԱՀԵՇ-էն` աւելցնելով, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են Ռաքքայի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներուն հետ: Ահաբեկչական շարժումներուն դէմ իրենց մղած պայքարին եւ հետապնդումներուն, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական բջիջներու կազմաքանդումի իրենց...

Ժիպէյլի Քաղաքապետը Հրաժարեցաւ

Ժիպէյլի Քաղաքապետը Հրաժարեցաւ

Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ երէկ իր հրաժարականը ներկայացուց Ժիպէյլի քաղաքապետական խորհուրդին, որպէսզի 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրէ Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանէն: Հաուաթ նախանցեալ երեկոյեան քաղաքապետական խորհուրդի անդամները հրաւիրեց նիստի մը` զանոնք տեղեակ պահելու համար իր հրաժարականին մասին: Հաուաթ մաղթեց, որ Ժիպէյլի քաղաքապետական խորհուրդը միասնականութեամբ շարունակէ իր աշխատանքը` պահպանելու համար Ժիպէյլի մէջ իրագործուած նուաճումները: Հաուաթ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդին, որ իր քաղաքապետութեան...

Ֆրենժիէ. «Լիբանանեան  Որ Իշխանութեան  Այս Շրջանը Լիբանանցիներուն  Ձգտումները Չի Լրացներ»

Ֆրենժիէ. «Լիբանանեան Որ Իշխանութեան Այս Շրջանը Լիբանանցիներուն Ձգտումները Չի Լրացներ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հոսանքի կեդրոնին մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք կը մաղթէր, որ լիբանանեան նոր իշխանութեան այս շրջանը աւելի լաւ ըլլար, սակայն ցարդ ոչ մէկ նշանակալից յառաջխաղացք արձանագրուած է: Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին դրական որեւէ զարգացումի: «Թէեւ մենք կառավարութեան մէջ ներկայացուած ենք, սակայն...

Բանակի Հրամանատարը  Կը Դրուատէ Աքուրայի Ռազմափորձը

Բանակի Հրամանատարը Կը Դրուատէ Աքուրայի Ռազմափորձը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ Զինուորական խորհուրդի պատասխանատուներ Աքուրայի բարձունքներուն վրայ ներկայ գտնուեցան Սպայից վարժարանի երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու սպաներուն կատարած ռազմափորձին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան օդուժն ու գումակային բաժանմունքը: Ռազմափորձի աւարտին զօր. Աուն դրուատեց սպաները` ընդգծելով ռազմափորձին կարեւորութիւնը սպաներուն արհեստավարժութեան առումով: Զօր. Աուն շեշտեց ռազմափորձերուն ունեցած...

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլա  Իր Կարողութիւններուն, Գիտակցութեան  Եւ Հասունութեան Ամէնէն Բարձր  Մակարդակին Վրայ Կը Գտնուի»

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլա Իր Կարողութիւններուն, Գիտակցութեան Եւ Հասունութեան Ամէնէն Բարձր Մակարդակին Վրայ Կը Գտնուի»

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը հրթիռային պատերազմ էր, որ լեցուն էր անակնկալներով: Սաֆիէտտին հաստատեց, որ հակառակ Հըզպալլայի միջոցներուն արձանագրած զարգացումին, կարելի չէ ճշդել, թէ հաւանական որեւէ ճակատումի պարագային պատերազմական ի՛նչ ոճ կը կիրարկուի եւ ի՛նչ միջոցներ կ՛որդեգրուին: «Մենք պատերազմի չենք պատրաստուիր, սակայն որեւէ ճակատումի պարագային Հըզպալլա ունի բարձր մակարդակի արդի կարողութիւններ, որոնց մասին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը կրնայ նոր իշխանութիւններուն կատարելիք կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը ըլլալ: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ  կարելի չէ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորել փտածութեան դէմ պայքարին միջոցով: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մէջ կայ մեծ տոկոս մը, որ տնտեսական հարցեր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ եթէ անոնց օրինական...

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Պատրաստ Է Մասնակի Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Կատարելու»   Շեշտեց Նախարար Մաշնուք

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու» Շեշտեց Նախարար Մաշնուք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ նախագահ Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ պիտի քննարկէ Քեսրուանի եւ Թրիփոլիի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ կատարելու հարցը, ինչպէս նաեւ այդ ընտրութիւններուն կողքին լուծուած եւ թափուր մնացած քաղաքապետութիւններուն ընտրութիւնները կատարելու կարելիութիւնը: Մաշնուք հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է երեսփոխանական մասնակի...

Տնտեսութեան Նախարարը  Այցելեց Պուրճ Համուտ

Տնտեսութեան Նախարարը Այցելեց Պուրճ Համուտ

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի երէկ առաւօտեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի այցելեց եւ Սպառողներու պաշտպանութեան վարչութեան պատասխանատուներուն հետ շրջագայեցաւ Պուրճ Համուտի վաճառատուները, ուր ստուգեց վաճառատուներուն իրավիճակը եւ օրէնքներուն նկատմամբ անոնց յանձնառութիւնը: Խուրիի այցելութեան իբրեւ արդիւնք փակուեցան մսավաճառի խանութ մը, որ օրինական արտօնագիրով չէր գործեր, ինչպէս նաեւ բանջարեղէնի յատուկ երկու վաճառատուներ: Շրջագայութիւնը աւարտելէ ետք Խուրի յայտնեց, թէ իր...

«Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան Այցելող  Զբօսաշրջիկներուն Համեմատութիւնը  106 Առ Հարիւրով Բարձրացած Է»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Համեմատութիւնը 106 Առ Հարիւրով Բարձրացած Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ զբօսաշրջութեան թափը նախարարութեան ակնկալութիւններուն համապատասխանող կշռոյթով սկսած է: Ան նշեց, որ Լիբանանի զբօսաշրջական իրավիճակը նախորդ հինգ տարիներէն շատ աւելի լաւ է: Նախարար Կիտանեան նշեց, որ անցնող վեց ամիսներուն 15 առ հարիւր աւելի զբօսաշրջիկ հասած է Լիբանան, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանը: Պանդոկներու մէջ արձանագրուած պատուէրներուն մասին խօսելով` Ա....

Պըրրի Խորհրդարանը Օրէնսդրական  Նիստի Հրաւիրեց 18 Եւ 19 Յուլիսին

Պըրրի Խորհրդարանը Օրէնսդրական Նիստի Հրաւիրեց 18 Եւ 19 Յուլիսին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 18 եւ 19 յուլիսին խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական ժողովի, որ պիտի գումարուի ցերեկային եւ գիշերային նիստերով: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ ստացաւ 1 օգոստոսին բանակի հիմնադրութեան տօնին նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութեան մասնակցելու հրաւէր մը: Պըրրիի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ յայտնեց, թէ...

Հարիրի Նախագահեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Յատուկ Նիստին

Հարիրի Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Յատուկ Նիստին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրի ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամը: Նախանցեալ երեկոյեան Հարիրի վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար...

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը  Վաւերացուց Աշխատանքի, Կենսոլորտի,  Զբօսաշրջութեան Եւ Ուժանիւթի  Նախարարութիւններուն Պիւտճէները

Ելեւմուտքի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց Աշխատանքի, Կենսոլորտի, Զբօսաշրջութեան Եւ Ուժանիւթի Նախարարութիւններուն Պիւտճէները

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան պիւտճէն` ներկայութեամբ ուժանիւթի նախարար Սեզար Ապի Խալիլի: Յանձնախումբը վաւերացուց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան պիւտճէն` մէկդի դնելով նախարարութեան կողմէ վերականգնող ուժանիւթով ելեկտրական հոսանք արտադրող կեդրոնին տրամադրուելիք 6 միլիառ տոլարին վերաբերող կէտը: Միւս կողմէ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԷԿ առաւօտեան կանուխ ժամերուն բանակը Արսալի մէջ կատարեց զինուորական նոր գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ձերբակալեց Ապտել Մեժիտ Ամմունը եւ Մոհամետ Ֆայսալ Ուաուը, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են: ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի սպանութեան սպառնալիքներ ստացաւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներէն: Սպառնալիքներուն պատճառը Արսալի գաղթակայաններուն մէջ լիբանանեան բանակին կատարած խուզարկումներուն զօրակցող Հուժէյրիի կեցուածքներն էին: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ...

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Նշանակումներու  Հոլովոյթին Վաւերացումը

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Նշանակումներու Հոլովոյթին Վաւերացումը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիսստին ընթացքին քննարկուեցաւ 60 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Չորսուկէս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընդգծեց լիբանանեան բանակին ցուցաբերուելիք զօրակցութեան կարեւորութիւնը: Ապու Ասի նշեց, թէ Հարիրի հաստատած է, որ բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ` պայքարելով...

«Երեսփոխանական Յաջորդ Ընտրութիւնները  Պիտի Ըլլան Առիթ Մը, Որուն Ընթացքին  Լիբանանցիները Իրենց Ընտրութիւնը  Պիտի Կատարեն Ազատութեամբ Եւ Պատասխանատուութեամբ»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երեսփոխանական Յաջորդ Ընտրութիւնները Պիտի Ըլլան Առիթ Մը, Որուն Ընթացքին Լիբանանցիները Իրենց Ընտրութիւնը Պիտի Կատարեն Ազատութեամբ Եւ Պատասխանատուութեամբ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ալէյի քաղաքապետարաններն ու հեղինակութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, թէ երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւնները պիտի ըլլան առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանցիները իրենց ընտրութիւնը պիտի կատարեն ազատութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք յանձնառու պիտի մնայ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ազատ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ տեղի ունենան: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն...

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը  Իրաւունք Մըն Է, Որ Անկարելի Է Անտեսել»

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը Իրաւունք Մըն Է, Որ Անկարելի Է Անտեսել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին  նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին ճշդուեցաւ խորհրդարանի յաջորդ օրէնսդրական նիստին օրակարգը: Նիստէն ետք Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ նիստին թուականը պիտի ճշդուի Պըրրիի կողմէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ խորհրդակցաբար` նկատի ունենալով վարչապետին Ուաշինկթըն կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը: Մքարի ընդգծեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը օրէնսդրական նիստին քննարկուելիք առաջին կէտն...

Ռիաշի. «Լիբանան Կը Գտնուի Լուրջ  Տագնապներու Դիմաց Եւ Իսկական  Կարիքը Ունի Արաբական Լիկայի Օժանդակութեան»

Ռիաշի. «Լիբանան Կը Գտնուի Լուրջ Տագնապներու Դիմաց Եւ Իսկական Կարիքը Ունի Արաբական Լիկայի Օժանդակութեան»

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ Գահիրէի մէջ սկսած արաբ տեղեկատուութեան նախարարներու 48-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել իր վրայ պարտադրուած բեռը` աւելցնելով, որ Լիբանանին կ՛առաջարկուին այնպիսի լուծումներ, որոնք յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն երկրին վրայ եւ պատճառ կը դառնան հիւր սուրիացիին եւ հիւրընկալ լիբանանցիին միջեւ յարաբերութիւններու լարումին: Ռիաշի հաստատեց, որ այս կացութիւնը...

Page 723 of 987 1 … 722 723 724 … 987

Արխիւներ