Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթուն Սաատէի Նահատակութեան 68-ամեակի Նշում

Յուլիս 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ղովմի կուսակցութեան, երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կազմակերպուեցաւ Անթուն Սաատէի նահատակութեան 68-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը:

Ձեռնարկին ընթացքին Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, թէ Անթուն Սաատէն սպաննած են, որովհետեւ անոր ծրագիրը դիմադրութեան ծրագիրն էր, գաղափարը` դիմադրութեան գաղափարը, իսկ կուսակցութիւնը` դիմադրութեան կուսակցութիւնը:

Քանսօ ընդգծեց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը հաստատ կը մնայ իր ուղեգիծին վրայ, հակառակ արձանագրուող նահատակներուն:

Ան նշեց, որ Անթուն Սաատէ Լիբանանը սիրած է եւ պայքարած ի խնդիր անոր: Ան լիբանանցին զգուշացուց համայնքայնութեան ախտէն` կոչ ուղղելով անոր ջնջելու համայնքայնութիւնը, վերջ տալով անոր սպառնացող հրդեհին, որ նախապէս քանդած է Լիբանանը:

Քանսօ ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ համայնքայնութիւնը զայն քաղաքացիական պատերազմի ենթակայ պիտի պահէ, ինչպէս նաեւ պետութեան ծրագիրը պիտի պահէ խախուտ, որովհետեւ երկրին մէջ տիրող փտածութիւնը ամէն ինչէ առաջ քաղաքական է:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը ուղղեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ յայտնեց, թէ բնականաբար Սաատէ ապրած է պատմական որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, սակայն ան իր կեանքին ընթացքին կրցած է անցեալին հետեւելով ապագան տեսնել` քաջ գիտնալով, թէ Լիբանան ինչի՛ կարիք ունի:

«Այդ պատճառով ալ Ղովմի կուսակցութիւնը տակաւին ի վիճակի է իր որոշումը գործադրելու լիբանանեան մակարդակի վրայ», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Անթուն Սաատէ միայն քաղաքական անձնաւորութիւն մը չէր, ընդհակառակն` ան իր քաղաքականութեան խորքին մէջ կրցաւ զետեղել ընկերայինը: «Ղովմի կուսակցութեան հետ մեր բաժնած միացեալ կէտերը կը նկատուին ժողովուրդին ցաւերը եւ մտահոգութիւնները բաժնելու յատկանիշները», յայտնեց նախարար Կիտանեան:

Ան ընդգծեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կեանքը սիրող կուսակցութիւն մըն է` աւելցնելով, որ անոր գործունէութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ ան կը հաւատայ ազգային միասնականութեան»:

Ամալ շարժումին անունով, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ Անթուն Սաատէի կեանքը Ղովմի կուսակցութեան համակ նուիրում եղած է եւ անոր ուղիով կուսակցութիւնը տակաւին կը

շարունակէ դիմադրել` ի խնդիր արաբականութեան պահպանումին:

Խալիլ շեշտեց, որ այս հանգրուանին եւս նկատառելի է, թէ Սուրիոյ մէջ յաղթանակներ կը կերտէ այն ուղեգիծը, որուն զօրակցած են իրենք իբրեւ Ամալ շարժում` աւելցնելով, որ անիկա Դիմադրութեան ուղեգիծն է:

Մարատա հոսանքին անունով, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Անթուն Սաատէ լուսարձակի տակ առած է հիմնական երկու վտանգներ, որոնք են` իսրայէլեան վտանգն ու ծայրայեղութեան սպառնացած վտանգը: «Ան ընդգծած է այս երկու վտանգներուն դիմադրելու անհրաժեշտութիւնը: Դիմադրութիւնը պայքարեցաւ Իսրայէլի դէմ եւ յաղթեց անոր, իսկ այսօր անոր պայքարի հիմնական թիրախն է յաղթել ահաբեկչութեան, որ կը նկատուի ծայրայեղականութեան հետեւանքը», շեշտեց Սաատէ:

 

 

Նախորդը

Համատէ Շնորհաւորեց Պաքալորէայի Պետական Քննութիւններուն Յաջողած Աշակերտները

Յաջորդը

Ռուտոլֆ Ապպուտ Ընտրուեցաւ Սեփական Դպրոցներու Մէջ Պաշտօնավարող Ուսուցիչներու Սենտիքայի Նախագահ

RelatedPosts

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ,  Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ  Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը
Գլխաւոր լուրեր

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ, Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը

Մարտ 31, 2023
Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Կացութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

Մարտ 31, 2023
Յորդանանի Թագաւորը  Ընդունեց Պու Հապիպը
Լիբանանեան

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Պու Հապիպը

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In