Լիբանանեան

Սարրաֆ Այցելեց Բանակի  Ժըպ Ժըննինի Զօրամասը

Սարրաֆ Այցելեց Բանակի Ժըպ Ժըննինի Զօրամասը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շաբաթավերջին այցելեց լիբանանեան բանակի Ժըպ Ժըննինի զօրամասը, ուր դիմաւորուեցաւ զօրամասի պատասխանատու հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հասան Հայտարի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արեւմտեան Պեքաայի մէջ բանակի  զինուորական գործողութիւններուն, պարտականութիւններուն եւ դերակատարութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Սարրաֆ շեշտեց, որ Արեւմտեան Պեքաայի եւ անոր բնակիչներուն վայելած խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը բանակին հսկողութեան եւ զգաստ ըլլալուն շնորհիւ են: Ան նշեց, որ հակառակ շրջանին դիմագրաւած ծանր...

Քանաան. «Բանակը Կարմիր Գիծ Է»

Քանաան. «Բանակը Կարմիր Գիծ Է»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը եւ անոր դերակատարութիւնը քննարկումի նիւթ չեն կրնար դառնալ` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականին մօտենալու իրականութիւնը չի նշանակեր, որ բանակին դերակատարութեան մասին պէտք է յաւելեալ կեցուածքներ եւ բանավէճեր ստեղծել: «Երբեք չենք կարծեր, որ Լիբանանի մէջ կայ մէկը, որ կը մերժէ Արսալի մէջ բանակին գործադրած զինուորական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ ինք պիտի չհաստատէ եւ ոչ ալ պիտի ժխտէ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը լուծելու իմաստով իրեն պարտականութիւն յանձնելու մասին լուրերը: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ խորհուրդը նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութեան վերջին դատավարութեան թուական ճշդեց 20 հոկտեմբեր 2017-ը, որուն ընթացքին պիտի արձակուի վճիռը: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ Լիբանանի աղբի տագնապին լուծման միակ հասցէն...

Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Արաբական  Երկիրներուն Մէջ Օգտագործուող  Դեղորայքին Մէկ Սակ Ճշդելու

Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Արաբական Երկիրներուն Մէջ Օգտագործուող Դեղորայքին Մէկ Սակ Ճշդելու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը, տնտեսական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Սալամէ յայտնեց, որ Լիբանանի նիւթական իրավիճակը յունիս ամսուան ընթացքին բարելաւում արձանագրած է: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի` ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարար Ահմետ Ռատիի, Արաբական հիւանդանոցներու համադաշնակցութեան...

Ֆարաոն. «Ամօթալի Է Այն Մօտեցումը,  Թէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը  Կարելի Չէ Ապահովել  Առանց Սուրիոյ Հետ Երկխօսութեան»

Ֆարաոն. «Ամօթալի Է Այն Մօտեցումը, Թէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Կարելի Չէ Ապահովել Առանց Սուրիոյ Հետ Երկխօսութեան»

Վարչապետարանին մէջ երէկ կատարուեցաւ քաղաքացիական ծրագրաւորման ազգային քաղաքականութիւններ մշակելու ծրագիրին մեկնարկը, որուն ընթացքին ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոն մաղթեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու տունդարձի թղթածրարը մօտիկ ապագային յանգի իր վերջնական լուծումին: Ֆարաոն նկատել տուաւ, որ այն յայտարարութիւնները, թէ սուրիացի տեղահանուածները կարելի չէ Սուրիա վերադարձնել` առանց սուրիական վարչակարգին հետ խորհրդակցելու, ամօթալի են: «Լիբանան ոչ մէկ նախապայման դրած է սուրիացի գաղթականները...

Իպրահիմ. «Ես Կը Գտնուիմ Քաղաքական  Իշխանութիւններուն Տրամադրութեան Տակ  Եւ Պատրաստ Եմ Գործադրելու  Ինծի Վստահուելիք Որեւէ Պարտականութիւն»

Իպրահիմ. «Ես Կը Գտնուիմ Քաղաքական Իշխանութիւններուն Տրամադրութեան Տակ Եւ Պատրաստ Եմ Գործադրելու Ինծի Վստահուելիք Որեւէ Պարտականութիւն»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինքզինք զետեղած է քաղաքական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ եւ պատրաստ է գործադրելու իրեն վստահուելիք որեւէ պարտականութիւն: Իպրահիմ ընդգծեց, որ Սուրիոյ զինուորական մարմիններուն հետ ապահովական մարզին մէջ գործակցութիւնը կանգ չէ առած եւ կը շարունակուի, ինչպէս որ էր պարագան նախորդ շրջաններուն: Իպրահիմ շեշտեց, որ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի գործակցութիւնը երկու երկիրներուն շահերուն...

«Լիբանանի Մէջ Գաղթականները  Բնակեցնելու Մասին Քննարկումներ Չկան»   Շեշտեցին Քաակ Եւ Լազարինի

«Լիբանանի Մէջ Գաղթականները Բնակեցնելու Մասին Քննարկումներ Չկան» Շեշտեցին Քաակ Եւ Լազարինի

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու գործակատար Ֆիլիփ Լազարինի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հետապնդած առաջնահերթութիւններուն, որոնցմէ են խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն կայունութեան ամրապնդումը: Քաակ յայտնեց, որ ՄԱԿ միայն տագնապներուն վերջ դնելու նպատակով չի գործեր, այլեւ կը պայքարի աղքատութեան եւ...

Ալի. «Լիբանան Սուրիայէն Աւելի Ապահով  Չէ Եւ Ինքզինք Չէզոք Չի Կրնար Պահել»

Ալի. «Լիբանան Սուրիայէն Աւելի Ապահով Չէ Եւ Ինքզինք Չէզոք Չի Կրնար Պահել»

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները չեն խզուած` աւելցնելով, որ գետնի վրայ արձանագրուած կարիքները կ՛ենթադրեն երկու երկիրներուն ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան սերտացումը: Ալի յայտնեց, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան վտանգը կը մնայ առկայ: «Լիբանան Սուրիայէն ապահով չէ եւ ինքզինք չէզոք չի կրնար պահել, որովհետեւ երկու երկիրները աշխարհագրականօրէն միաձուլուած են», հաստատեց ան:...

Խուրի. «Վարչապետը Յստակօրէն  Պիտի Հաստատէ, Որ Կարելի  Չէ Զոհը Յանձնել Իր Դահիճին»

Խուրի. «Վարչապետը Յստակօրէն Պիտի Հաստատէ, Որ Կարելի Չէ Զոհը Յանձնել Իր Դահիճին»

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի երէկ գործուղուեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի մօտ: Խուրի Ժահժահի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն եւ երկրին տնտեսական ու ընկերային մարզերուն վերաբերող: Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ մնայուն գործակցութիւն կայ` աւելցնելով, թէ վարչապետ Հարիրի մօտիկ ապագային յստակօրէն...

Ֆաթհալի. «Իրանցի Չորս Դիւանագէտներու  Առեւանգումին Հիմնական  Պատասխանատուն Իսրայէլն Է»

Ֆաթհալի. «Իրանցի Չորս Դիւանագէտներու Առեւանգումին Հիմնական Պատասխանատուն Իսրայէլն Է»

Պէյրութի մէջ իրանցի չորս դիւանագէտներու առեւանգումին 35-րդ տարելիցին առիթով երէկ իրանեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ այդ թղթածրարը զուտ մարդասիրական տարողութիւն ունի` աւելցնելով, որ իրանցի դիւանագէտներու առեւանգումին հիմնական պատասխանատուն Իսրայէլն է: Ան նշեց, որ Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցութեամբ կրցած են ՄԱԿ-ի մէջ գտնել փաստաթուղթ մը, որ կը հաստատէ,...

Եարզէի Մէջ.  Բանակի Հրամանատարը Ամմարի Եւ Մարունիի Հետ  Քննարկեց Լիբանանի Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Եարզէի Մէջ. Բանակի Հրամանատարը Ամմարի Եւ Մարունիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ալի Ամմարն ու Էլի Մարունին, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան վերաբերող հարցեր: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, որ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին` ահաբեկչութեան դէմ եւ Լիբանանի կայունութեան պահպանման համար անոր մղած պայքարին: Եարզէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՍԱԼԻ բարձունքներուն վրայ լիբանանեան բանակը վնասազերծեց ական մը, որ զետեղուած էր փողոցին եզերքը` թիրախ դարձնելու համար բանակին շրջուն ջոկատը: Նշենք, որ Ժամալէի հովիտին մէջ երկու ականներ պայթեցան` առանց բանակին շարքերուն մէջ կորուստներ պատճառելու: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ ձերբակալեց լիբանանցի մը, որ անդամ է ահաբեկչական կազմակերպութեան: Ձերբակալեալը հարցաքննութեան ընթացքին յայտնեց, որ իրենք հրահանգներ կը ստանան Ռաքքայէն եւ Մուսուլէն: Ան...

«Պիտի Շարունակենք Գործել` Ամրապնդելու Համար  Երկրին Տնտեսութիւնը Եւ Դիմադրելու  Տագնապներուն Ունենալիք Հետեւանքներուն»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Պիտի Շարունակենք Գործել` Ամրապնդելու Համար Երկրին Տնտեսութիւնը Եւ Դիմադրելու Տագնապներուն Ունենալիք Հետեւանքներուն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն կ՛ընկերակցէր միութեան նորընտիր վարչութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դրամատնային մարզին դերակատարութիւնը` Լիբանանի տնտեսութեան բարգաւաճման մէջ, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պիտի շարունակեն գործել` ամրապնդելու համար երկրին տնտեսութիւնը եւ դիմադրելու համար շրջանային ու միջազգային տագնապներուն ունենալիք հետեւանքներուն: Նախագահ...

Հարիրի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Միացեալ  Նահանգներ Այցելութեան Ծրագիրը

Հարիրի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Միացեալ Նահանգներ Այցելութեան Ծրագիրը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան ծրագիրն ու նախապատրաստական աշխատանքները: Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, յատկապէս այդ շրջաններուն...

«Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան  Վիճակը Նախորդ Հինգ Տարիներէն Աւելի Լաւ Է»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Լիբանանի Մէջ Զբօսաշրջութեան Վիճակը Նախորդ Հինգ Տարիներէն Աւելի Լաւ Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Քրինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս կեդրոնանալով տնտեսական գործակցութեան վրայ: Հանդիպումէն ետք Մարոքի դեսպան Քրին յայտնեց, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջիկներ փոխանակելու եւ զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու հեռանկարները: Կիտանեան ընդգծեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը բարելաւուին զբօսաշրջիկներ փոխանակելու պարագային: Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Կիտանեան...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Բանակին Կանխարգելիչ Գործողութիւնները  Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը  Երաշխաւորող Ապահովական Միջոցառումներ Են»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Բանակին Կանխարգելիչ Գործողութիւնները Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Երաշխաւորող Ապահովական Միջոցառումներ Են»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը: Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանան յուլիսեան պատերազմէն առաջ եւ վերջ պիտի չկարենար գոյատեւել ու յաւելեալ ներկայութիւն դառնալ` առանց բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռակողմանի տարազին, որուն շնորհիւ ապահովուեցաւ Լիբանանի ազատագրումն ու անոր գերիշխանութեան պահպանումը: Ֆատլալլա նշեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կ՛ողջունէ...

Հանրապետութեան Հանդիպումը Սուրիացի  Տեղահանուածներուն  Տունդարձը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ

Հանրապետութեան Հանդիպումը Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանրապետութեան հանդիպումը իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ շեշտեց, որ բարեկարգումը կարելի չէ կատարել նշանակումները ջնջելով, այլ` նշանակումներուն պարագային խիստ չափորոշիչներ ճշդելով: Հանդիպումը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը` աւելցնելով, որ ատիկա կատարելու համար Սուրիոյ պետութեան հետ գործակցելու մասին բարձրացած...

Քանաան. «Կրթութեան Նախարարութեան  Պիւտճէն Վաւերացուած Է»

Քանաան. «Կրթութեան Նախարարութեան Պիւտճէն Վաւերացուած Է»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ կրթութեան նախարար Մարուան Համատէի ու ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Նիստէն ետք Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է կրթութեան նախարարութեան պիւտճէն եւ յստակացումներ պահանջած այն հաստատութիւններուն մասին, որոնք շահ չեն ապահովեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ վարչութիւնները...

Մաշնուք. «Արսալի Գործողութիւնը  Տեղահանուածներուն Դէմ Գործուած Արշաւ Մը Չէ»

Մաշնուք. «Արսալի Գործողութիւնը Տեղահանուածներուն Դէմ Գործուած Արշաւ Մը Չէ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արսալի մէջ գործադրուածը զինուորական յատուկ գործողութիւն մըն է` ընդգծելով, որ ինք յանձնառու է սուրիացի տեղահանուածներուն անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան: Մաշնուք նշեց, որ երբ գաղթակայանին մէջ 5 անձնասպանական գործողութիւններ կը կատարուին, ապա հարցը զուտ ապահովական բնոյթ կը ստանայ: Մաշնուք ընդգծեց, որ Հըզպալլա Արսալի մէջ ներկայութիւն չէ` աւելցնելով, որ որոշումը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է դատաւորներուն հետ եւ անոնցմէ խնդրած չենթարկուիլ քաղաքական ճնշումներուն, նոյնիսկ եթէ այդ ճնշումը անձամբ ինք բանեցնէ: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային շահերը կը պահանջեն գործակցիլ Սուրիոյ կառավարութեան հետ` սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց,...

Page 725 of 987 1 … 724 725 726 … 987

Արխիւներ