Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ապտել Աալի հետ, ներկայութեամբ Եգիպտոսի տեղեկատուութեան նախարար Ուսամա Հայքալի:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապտել Աալ յայտնեց, որ Ռիաշիի հետ հանդիպումը առիթ մըն էր վերյիշելու Լիբանանի մշակութային, քաղաքակրթական եւ արուեստի մթնոլորտը:
Ան նշեց, որ Ռիաշիի եւ Հայքալի միջեւ արդէն իսկ հանդիպում մը կատարուած է, եւ տեղեկատուական մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ լիբանանցիները աշխուժ են եւ առոյգ:
Ապտել Աալ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` ներդրումներ կատարելու Եգիպտոսի մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով եգիպտական իշխանութիւններուն կողմէ այս իմաստով ճշդուած նոր օրէնքները, որոնք կը քաջալերեն ներդրողները:
Ապտել Աալ ողջունեց նախարար Ռիաշին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը` մաղթելով, որ Ռիաշիի այցելութիւնը ըլլայ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու նախաքայլը:
Իր կարգին, Ռիաշի շեշտեց, որ Ապտել Աալի հետ քննարկած են Լիբանանի եւ Եգիպտոսի վերաբերող միացեալ հարցերը, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը շարունակելու եւ այդ իմաստով ճիգերը մէկտեղելու կարեւորութիւնը:
Ռիաշի ընդգծեց նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ապրի փոխանցման շրջան մը եւ կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին:
Ռիաշի նշեց նաեւ, որ քննարկուած են լիբանանեան ու եգիպտական ընտրական օրէնքները եւ ընտրութեան հոլովոյթները:
Հանդիպումին աւարտին Ապտել Աալ Ռիաշիի յանձնեց Եգիպտոսի խորհրդարանին մետալը:
Միւս կողմէ, Ռիաշի «Էքսթրա նիուզ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մաղթեց, որ յառաջիկայ տարի տեղեկատուութեան նախարարները ուրիշ տեսակի խորհրդաժողով մը գումարեն, այլ խօսքով վերջ տան Արաբական աշխարհին մէջ տեղեկատուութեան նախարարութիւններուն գործունէութեան:
Ան հաստատեց, որ տեղեկատուութեան նախարարներու խորհրդաժողովը պէտք է շրջանը ներկայացնէ տարբեր պատկերով, երկխօսութեան եւ համակեցութեան պատկերով, որ ամբողջութեամբ կը հակադրուի ահաբեկչութեան:
Ռիաշի շեշտեց, որ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները շատ լաւ վիճակի մէջ են` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ կայ հզօր կապ մը:
Ան նշեց, որ ինք այսօրուան խորհրդաժողովին պիտի ներկայացնէ տեղեկատուուական ծրագիր մը, որ մշակուած է Արաբական լիկային հետ գործակցաբար:
Ռիաշի ընդգծեց, որ լիբանանեան տեղեկատուութեան մարզը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բացայայտելու համար ահաբեկչութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները կը հսկեն երկրին ապահովութեան ու քաղաքացիներուն անվտանգութեան` հետապնդելով եւ մահացու հարուածներ հասցնելով ահաբեկչութեան:
Ռիաշի յայտնեց, որ ինք պիտի խնդրէ տեղեկատուութեան նախարարներու 49-րդ խորհրդաժողովը Պէյրութի մէջ կայացնել` շեշտելով, որ ինք կը ձգտի տեղեկատուութեան նախարարութիւնը վերածել երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան նախարարութեան, որուն ընդմէջէն Պէյրութը վերածել գժտուած կամ տարակարծիք կողմերու միջեւ երկխօսութեան կեդրոնի:
Սուրիոյ տագնապը լուծելու իմաստով Լիբանանի միջամտութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռիաշի ըսաւ. «Լիբանան հսկայ ուժ մը չէ` այդ տագնապը լուծելու իմաստով, սակայն հաւանական է, որ ապագային Պէյրութը վերածուի միջսուրիական երկխօսութեան կեդրոնի»:
Ռիաշի շեշտեց, որ լիբանանեան տեղեկատուութիւնը առարկայական անդրադարձ կը կատարէ շրջանին դիմագրաւած տագնապներուն` հաստատելով, որ տեղեկատուութեան մարզը յանձնառու է ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարին: