Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակին Նկատմամբ Քաղաքական Զօրակցութիւնը Ամբողջական Է» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յուլիս 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները եւ տարբեր շրջաններու մէջ լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի հաստատեց, որ բանակին նկատմամբ քաղաքական զօրակցութիւնը ամբողջական է եւ` առանց նախապայմանի: «Բանակին գործունէութիւնը ոչ մէկ ձեւով կասկածի ենթակայ է: Կտրականապէս կը մերժենք կասկածի տակ առնել բանակի հրամանատարութեան կողմէ Արսալի մէջ ձերբակալուած սուրիացիներու մահուան պատճառներուն մասին բացուած հետաքննութիւնը: Իսկ անոնք, որոնք կը փորձեն պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ, պէտք է այլ զբաղումներ գտնեն», ընդգծեց Հարիրի:

Վարչապետը հաստատեց, որ բանակը յանձնառու է քաղաքացիական անվտանգութեան` նկատել տալով, որ փափաքած են իրենց այս հանդիպումը լուսարձակի տակ առնել, որովհետեւ ոմանք ճշմարտութիւնները կը նենգափոխեն:

«Ապահովութեան ուժերուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն միջեւ բախումներ ստեղծելու փորձեր կը կատարուին: Բայց եւ այնպէս հիմնականը բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած քաղաքական զօրակցութիւնն է: Այս առումով կրնամ հաստատել, որ սիւննի համայնքը ամէնէն աւելի նեցուկ կը կանգնի բանակին, որուն հրամանատարութիւնը պատասխանատու է երկրին ապահովութեան, եւ մենք հարիւր առ հարիւր տոկոսով կը զօրակցինք անոր», ըսաւ վարչապետը:

Հարիրի հաստատեց, որ իբրեւ կառավարութիւն իրենք պատասխանատու են լիբանանցիներուն եւ գաղթականներուն պաշտպանութեան` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի հրամանատարին հետ իր հանդիպումը սովորական է: «Իսկ անոնք, որոնք կը փորձեն մեր միջեւ հարցեր ստեղծել, պէտք է գիտնան, որ մենք միասնականութեամբ կը գործենք», նշեց Հարիրի:

Պատասխանելով Հըզպալլայի կողմէ Արսալի մէջ ահաբեկիչները մաքրագործել միտող ճակատամարտ յայտարարելու վերաբերող հարցումի մը, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ այդ մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: Ան նշեց, որ իրենք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը գործակցին` նկատել տալով, որ Արսալի բարձունքներուն ճակատագիրին ճշդումը կառավարութեան պարտականութիւնն է:

Նախորդը

«Ահաբեկչութիւնը Տապալելէ Ետք Լիբանան Սկսաւ Դիմագրաւել Ներքին Ապահովութեան Խախուտ Իրավիճակ` Յատկապէս Սուրիացիներու Մօտ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հասած Է Ռուսիայէն Գնուած Սպառազինութեան Եւ Ռազմամթերքի Նոր Քանակը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?