Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ահաբեկչութիւնը Տապալելէ Ետք Լիբանան Սկսաւ Դիմագրաւել Ներքին Ապահովութեան Խախուտ Իրավիճակ` Յատկապէս Սուրիացիներու Մօտ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

July 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոքր եւ միջակ տարողութեամբ առեւտրական հաստատութիւններու սեփականատէրերը:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Թրիփոլիի տնտեսական շրջանի վարչութեան նախագահ, նախկին նախարար Ռայա Հասան, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասըն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքները համադրող Ֆիլիփ Լազարինի, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր, Թրիփոլիի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահ Թաուֆիք Տապպուսի, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս եւ մեծ թիւով գործարարներ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կրցաւ տապալել իրեն համար լուրջ մարտահրաւէր նկատուող ահաբեկչութիւնը, «սակայն դժբախտաբար անկէ ետք երկիրը սկսաւ դիմագրաւել ներքին ապահովութեան խախուտ իրավիճակ մը, որ յատկապէս զգալի է սուրիացիներուն մօտ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ջանք չի խնայեր ներքին ապահովութիւնը իր հակակշիռին տակ առնելու եւ այդ հարցին վերջնական լուծում մը գտնելու, ինչպէս էր պարագան ահաբեկչութեան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ապահովութիւնը, կայունութիւնն ու դրամը արդիւնաբերութեան եւ ճարտարարուեստի մարզի զարգացման աղբիւրներ են, որոնց շնորհիւ կարելի կը դառնայ տնտեսական կայունութիւն եւ նիւթական շահեր ապահովել: «Մենք չենք կրնար նիւթական պարտաւորութիւններով շարունակել մեր կեանքը, իսկ բնաւ ընդունելի չէ սպասել միջազգային շուկաներուն ու միջազգային դրամատան օժանդակութիւններուն: Ո՛վ որ կը փափաքի Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարել, բարի եկած է, սակայն կտրականապէս պիտի մերժենք նիւթական յաւելեալ բաց ստեղծել», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն կարեւորութեամբ շեշտեց մաքսատան փտածութիւնը սանձելու իմաստով ի գործ դրուած ճիգերը` ե՛ւ նաւահանգիստին ե՛ւ օդակայանին պարագային:

Ան ընդգծեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը այլեւս մաքսանենգումի անցք չէ: Նախագահ Աուն նշեց, թէ ներածուող արտադրութիւններուն համեմատութիւնը 15 առ հարիւրով նուազած է, իսկ նիւթական մուտքը` 6 առ հարիւրի աճ մը արձանագրած: Ան աւելցուց, որ յաւելեալ աճ արձանագրելու հաւանականութիւնը տակաւին բարձր է եւ անիկա կախեալ է մաքսատան կողմէ որեւէ մաքսանենգում բացայայտելէ:

Միւս կողմէ, նախագահ  Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական ապահովութեան ուժերուն միջեւ սերտ գործակցութիւն կայ` յոյս յայտնելով, որ սահմանամերձ շրջաններու ապահովութիւնը կարելի կ՛ըլլայ ամբողջովին հակակշիռի տակ առնել:

Իր կարգին, նախարար Ռաէտ Խուրի հաստատեց, որ առեւտրական փոքր եւ միջակ ընկերութիւններու աշխատանքներու բարելաւումը պիտի ըլլայ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը` վստահութիւնը վերահաստատելու:

 

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ. Ռիաշի Պիտի Մասնակցի Արաբ Տեղեկատուութեան Նախարարներու 48-րդ Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

«Բանակին Նկատմամբ Քաղաքական Զօրակցութիւնը Ամբողջական Է» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.