Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մուսուլի Յաղթանակը Կը Վերաբերի Շրջանի Ժողովուրդներու Ճակատագիրին Եւ Ապագային» Հաստատեց Սէյիտ Նասրալլա

July 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Մուսուլ քաղաքի` ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութենէն ազատագրութեան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան  արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Մուսուլի մէջ իրաքեան զինուորական ուժերուն արձանագրած յաղթանակը միայն Իրաքի ժողովուրդին չի վերաբերիր, այլեւ անիկա կապուած է շրջանի ժողովուրդներու ճակատագիրին եւ ապագային` շեշտելով, որ տարուած յաղթանակը Իրաքի մէջ վերջին շրջանին տարուած յաջորդական յաղթանակներու արդիւնքն է:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Իրաքցիները ճշդեցին իրենց ընտրանքները եւ պէտք չունեցան Արաբական լիկային, ո՛չ ալ արաբ նախագահներուն եւ Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան. այլեւ` անոնք ազգովին տուին իրենց որոշումը եւ կերտեցին յաղթանակ»:

Այս առիթով, Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց Իրաքի ժողովուրդը եւ ընդգծեց, որ «երկրին սիւնի ղեկավարութիւնը ձախողութեան մատնած է սիւնի-շիի լարուածութիւններ ստեղծելու փորձերը»:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Իրաքի կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորուի հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը Իրաքէն վերջնականապէս ամրատախիլ ընելով, իսկ Մուսուլի ազատագրումը այս իմաստով լուրջ քայլ մը կը նկատուի:

Անդրադառնալով Լիբանանը յուզող հարցերուն` Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Հըզպալլան կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքներուն, անոր յարատեւութեան եւ ծրագիրները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու ճիգերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել ժողովուրդին առօրեայ հարցերը: Այս շրջագիծին մէջ Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ «Հըզպալլան համաձայն է Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով Պաապտայի մէջ գումարուած ժողովէն բխած որոշումներուն»:

Անդրադառնալով սուրիացի գաղթականներու հարցին` Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ այս գծով Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է նախաձեռնութեան դիմէ` Սուրիոյ պետութեան հետ բանակցութիւններ սկսելու, թեթեւցնելու համար երկու ժողովուրդներուն բեռը, նշելով, որ «այժմ Սուրիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ որոշ չափով խաղաղութիւն հաստատուած է, եւ այդ շրջաններու բնակչութեան վերադարձը կարելի կրնայ ըլլալ, սակայն ատիկա ժողովուրդին ազատ կամքով պէտք է կատարուի»:

Սէյիտ Նասրալլա բարձր գնահատեց նախորդ օրերուն Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին տարած յաղթանակները` մատնանշելով բանակին կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուած ճիգերը` շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու իմաստով, յատկապէս նախատեսուած ահաբեկչական գործողութիւնները կանխարգիլելու:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Ժամանակն է վերջ տալու Արսալի բարձրունքներուն վրայ տիրող վտանգաւոր վիճակին, եւ ատիկա կատարելու յարմար առիթը ունինք»` աւելցնելով, որ «Արսալի բարձրունքներուն վրայ դիրքաւորուած զինեալները քիչ ժամանակ ունին որոշ կարգադրութիւններ եւ համաձայնութիւններ կատարելու համար` տրուած ըլլալով, որ անոնք անյոյս վիճակի մը մատնուած են», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում. «Բանակը Կարմիր Գիծ Է, Իսկ Կառավարութենէն Կը Պահանջուի Գաղթականներու Տունդարձի Ծրագիր Մը Մշակել»

Յաջորդը

«Լիբանանեան Պետութիւնը Պիտի Կերտենք, Սակայն 7 Ամիսէն Բարեկարգումները Կարելի Չէ Իրականացնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.