Լիբանանեան

Իզէտտին Լազարինիի Հետ Քննարկեց Փտածութեան Դէմ Միացեալ Պայքար Մղելու Հեռանկարները

Իզէտտին Լազարինիի Հետ Քննարկեց Փտածութեան Դէմ Միացեալ Պայքար Մղելու Հեռանկարները

Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատարի տեղակալ Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս փտածութեան դէմ միացեալ պայքար մղելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ թափանցիկութիւնը ամրապնդելու, խաղաղութիւն հաստատելու եւ ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցաւ պետական աշխատանքային ծրագիրին ներառած փտածութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութիւնը: Իզէտտին...

Զօր. Աուն Քննարկեց Ռուսական Բանակին Հետ Գործակցելու Հեռանկարները

Զօր. Աուն Քննարկեց Ռուսական Բանակին Հետ Գործակցելու Հեռանկարները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Զօր. Աունին այցելեց նաեւ Ռուսիոյ կառավարութեան մօտ զինուորական գործակցութեան խորհուրդի նախագահ Ալեքսի Ֆրոքլինը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ յիսնապետ Ռաթմիր Կապասովի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Զօր....

Պըրրի Զօր. Պերիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Պըրրի Զօր. Պերիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մանրամասնութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ մաքսատան տնօրէն Պատրի Տահերը:

Թրքական Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են  Ժապհաթ Նուսրայի Անդամակցութեան  Յանցանքով Կասկածելի 12 Անձեր

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ական Մը

Ներքին ապահովութեան ուժերը նախանցեալ օր Արսալի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի մը (Օ. Օ., ծնեալ 1991-ին), որ ՏԱՀԵՇ-ական է եւ 2014-էն ի վեր Արսալի ու անոր բարձունքներուն վրայ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրած: Ներքին ապահովութեան ուժերը Արսալի մէջ գրաւեցին նաեւ «Հոնտա Սի. Ար. Վի.» եւ «Թոյոթա Ռավ 4» տիպի ինքնաշարժներ, որոնք թիւեր չէին կրեր: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի բարձունքներուն վրայ` Խըրպեթ Եունինի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ուրբաթ, 29 սեպտեմբերէն սկսեալ դէպի Էրպիլ իր թռիչքները պիտի կասեցնէ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պետական ամավարկին ընդմէջէն ֆինանսաւորելը երկրին ելեւմտական իրավիճակը անձեռնմխելի կը դարձնէ: ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն սկզբունքները տակաւին առկայ են` կտրականապէս մերժելով կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւնները: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար...

Ֆրանսայի Մէջ.   «Լիբանան Այլեւս Կարողութիւն Չունի Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Հետեւանքները Հանդուրժելու»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ֆրանսայի Մէջ. «Լիբանան Այլեւս Կարողութիւն Չունի Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հետեւանքները Հանդուրժելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալով Ֆրանսայի վարչապետին, Ծերակոյտի նախագահին, նախարարներու, Փարիզի քաղաքապետին եւ Ֆրանսայի մէջ ապրող լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահ Աուն իր կեցութեան վայրին մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Պրունօ Լը Մերի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ խորհրդաժողովները յաջողցնելու իմաստով Ֆրանսայի...

Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Որոշում  Տուաւ` Իր Նիստը Յետաձգելով Վաղուան

Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Որոշում Տուաւ` Իր Նիստը Յետաձգելով Վաղուան

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր արտակարգ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական պաշտօնեաներու, զինուորականներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները վճարելու հեռանկարները` նկատի ունենալով Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ այդ յաւելումները ֆինանսաւորող տուրքերուն կասեցումը: Նիստին ընթացքին կարելի չեղաւ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին մասին համաձայնութիւն մը գոյացնել, եւ նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստ մը ճշդուեցաւ վաղը` հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերին, նախագահական պալատին...

Սալիպայի Հաղորդագրութիւնը` Պետական Անվտանգութեան Ուժերու  Հիմնադրման 33-ամեակին Առիթով

Սալիպայի Հաղորդագրութիւնը` Պետական Անվտանգութեան Ուժերու Հիմնադրման 33-ամեակին Առիթով

Պետական անվտանգութեան ուժերու հիմնադրութեան 33-ամեակին առիթով` այդ ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անցնող տարիներուն մեծ դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման գտնուած են, սակայն կրցած են տոկալ, յառաջդիմել եւ բարգաւաճիլ` յաջողութիւններ արձանագրելով բոլոր մակարդակներուն վրայ: Սալիպա շեշտեց, որ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը պիտի չկարենար յառաջդիմել, եթէ անոր պատասխանատուները հզօր չըլլային եւ ապահովական...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Պասիլ-Մոալլեմ  Հանդիպումը Կը Միտի Լիբանանը  Կցել Իրանի Առանցքին»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Պասիլ-Մոալլեմ Հանդիպումը Կը Միտի Լիբանանը Կցել Իրանի Առանցքին»

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ վերջերս Նիւ Եորքի մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ունեցած հանդիպումը` Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ, մաս կը կազմէ Լիբանանը Իրանի առանցքին կցելու նպատակով ի գործ դրուող ճիգերուն եւ որդեգրուած քայլերուն: Պլոքին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, 28-29 հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանանի մէջ պիտի սկսի կիրարկուիլ ձմեռնային ժամանակացոյցը: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուած յաղթանակները պատմական էին եւ առանցքային` աւելցնելով, որ անոնք շրջանին դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկած են: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, թէ Լիբանանի դէմ սկսած է...

Էլիզէի Պալատին Մէջ.   Մաքրոն Ընդունեց Նախագահ Աունը

Էլիզէի Պալատին Մէջ. Մաքրոն Ընդունեց Նախագահ Աունը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա` ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին: Նախագահ Աունին ընկերակցեցաւ Առաջին տիկին Նատիա Աուն, պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն դեսպան Ղատի Խուրի: Կը նախատեսուի, որ պատուիրակութեան միանայ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Շանզելիզէի յաղթանակի կամարին տակ...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Մինչ Աշխատաւորները Կը Գործադրեն Բաց Գործադուլն Ու Բողոքի Նստացոյցը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Մինչ Աշխատաւորները Կը Գործադրեն Բաց Գործադուլն Ու Բողոքի Նստացոյցը

Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ տուրքերու վերաբերող օրէնքը բեկանելու որոշումը քննարկելու նպատակով կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հարիրի հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու մէջ կը կայանայ: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը անհրաժեշտ է: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութենէն պահանջեց գործադրել աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը: Իր կարգին, ելեւմուտքի...

«Սովորական Անձնաթուղթի Կամ Անցագիրի Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելը Զայն Յետաձգելէն Շատ Աւելի Լաւ Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Սովորական Անձնաթուղթի Կամ Անցագիրի Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելը Զայն Յետաձգելէն Շատ Աւելի Լաւ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքին թեր քուէարկած է, իսկ տուրքերու վաւերացման նիստին ներկայ չէ գտնուած, որովհետեւ տուրքերու օրէնքը համոզիչ չէ գտած: Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն միշտ ջատագովը եղած է յառաջատուական տուրքերու որդեգրումին, այսինքն` իւրաքանչիւր դասակարգ կը վճարէ...

Հարիրի. «Օդը Կրակելը Ահաբեկչութիւն Մըն Է, Որուն Պէտք Է Դիմադրենք»

Հարիրի. «Օդը Կրակելը Ահաբեկչութիւն Մըն Է, Որուն Պէտք Է Դիմադրենք»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց օդը կրակելու երեւոյթի կասեցման յանձնառութեան վերաբերող պատուոյ ուխտի ստորագրութեան արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղական հեղինակութիւնները: Այս առիթով վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները` բոլոր շրջաններէն եւ համայնքներէն, ահաբեկչութեան դէմ են: «Անոր պատճառները յստակ են, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը կը պատճառէ երեխաներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու սպանութիւնը: Ի՞նչ է անոնց յանցանքը, որ կոյր փամփուշտով պիտի սպաննուին»,...

Պասիլ. «Լիբանանի Շահերուն Դէմ Յարձակողը Ա՛ն Է, Որ Կը Մերժէ Տեղահանուածներուն Տունդարձը»

Պասիլ. «Լիբանանի Շահերուն Դէմ Յարձակողը Ա՛ն Է, Որ Կը Մերժէ Տեղահանուածներուն Տունդարձը»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Լաս Վեկասի մէջ կայացած արտերկրի լիբանանցիներու խորհրդաժողովին փակումին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ անձնական, երկկողմանի թէ հաւաքական որեւէ հանդիպում կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն: «Լիբանանի շահերուն դէմ յարձակողը ան է, որ կը մերժէ տեղահանուածներուն տունդարձը», շեշտեց Պասիլ: Ան հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոչ ոքի կը պատկանի եւ մնայուն կերպով...

Մաշնուք. «Յանձնառու Ենք Կառավարութեան Միասնականութեան, Սակայն Ներկայիս Կատարուածը Քաղաքական Շրջադարձ Է»

Մաշնուք. «Յանձնառու Ենք Կառավարութեան Միասնականութեան, Սակայն Ներկայիս Կատարուածը Քաղաքական Շրջադարձ Է»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարն ու Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար աշխատավարձի յաւելումները, որովհետեւ անոնք կարելի չէ իրականացնել, առանց տուրքերու: Ռիաշի շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն աշխատավարձի յաւելումները յարմարագոյն կերպով...

Պուխարի. «Ահաբեկչութիւնը Իր Բոլոր Ձեւերով Մերժող Սէուտական Արաբիոյ Կեցուածքը Յստակ Է»

Պուխարի. «Ահաբեկչութիւնը Իր Բոլոր Ձեւերով Մերժող Սէուտական Արաբիոյ Կեցուածքը Յստակ Է»

Սէուտական Արաբիոյ ազգային տօնին 87-ամեակին առիթով «Քեմփինսքի Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նուհատ Մաշնուք: Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ պըն Ապտալլա Պուխարի շեշտեց, որ այդ առիթը պատմական է` աւելցնելով, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները այս ամսուան աւարտին պիտի վճարուին: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումը ժողովուրդին իրաւունքն է, եւ պէտք չէ զայն խլել: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի շեշտեց, որ Լիբանան քաղաքակրթութիւններու խառնուրդ մըն է, եւ երկխօսութիւնը միակ լուծումն է: ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի, Ժողովրդային...

Համատարած Գործադուլի Մթնոլորտին Զուգահեռ,  Կառավարութիւնը Վաղը Կը Շարունակէ Աշխատավարձի  Յաւելումներուն Վերաբերող Իր Արտակարգ Նիստը

Համատարած Գործադուլի Մթնոլորտին Զուգահեռ, Կառավարութիւնը Վաղը Կը Շարունակէ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վերաբերող Իր Արտակարգ Նիստը

Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերու վերաբերող օրէնքը բեկանելու որոշումին լոյսին տակ, կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու է լիբանանցիներուն շահերուն եւ երկրին ելեւմտական կայունութեան պահպանումին: «Այս մտահոգութեամբ է, որ կառավարութիւնը հրաւիրուած է արտակարգ նիստի, ուր...

Նախագահ Աուն Այսօր Պաշտօնական  Այցելութեամբ Կը Մեկնի Ֆրանսա

Նախագահ Աուն Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի Ֆրանսա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր ան հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչական, մշակութային եւ զինուորական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու հեռանկարները: Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն հանդիպումներ ունենայ նաեւ ֆրանսացի պետական այլ պաշտօնատարներու հետ: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Լը Ֆիկարօ», «Վալէօր աքթիուէլ» եւ «Փարի...

Page 704 of 987 1 … 703 704 705 … 987

Արխիւներ