Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիզէի Պալատին Մէջ. Մաքրոն Ընդունեց Նախագահ Աունը

Սեպտեմբեր 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա` ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին:

Նախագահ Աունին ընկերակցեցաւ Առաջին տիկին Նատիա Աուն, պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն դեսպան Ղատի Խուրի: Կը նախատեսուի, որ պատուիրակութեան միանայ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Շանզելիզէի յաղթանակի կամարին տակ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք նախագահ Աուն ուղղուեցաւ Էլիզէի պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ Մաքրոնի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա որոշած է Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը ամրապնդել` հաստատելով, որ Փարիզ պիտի ընդառաջէ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն կարիքներուն` ահաբեկչութեան դէմ պաքարի իր փորձառութիւնը կիսելով Լիբանանի հետ:

Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան պէտք է մնայ բազմազանութեան, ներողամտութեան եւ ժողովրդավարութեան օրինակելի տիպարը: Ան դրուատեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը` նախագահական ընտրութեան լոյսին տակ:

Մաքրոն նշեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի լիբանանեան հզօր պետութեան, որ կրնայ երաշխաւորել իր հողային ամբողջականութիւնը եւ պահպանել ապահովական կայունութիւնը:

Ան յայտնեց, որ Ֆրանսա պիտի կազմակերպէ նոր խորհրդաժողով մը` ի խնդիր Լիբանանի օժանդակութեան:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին` իրեն ուղղուած պաշտօնական հրաւէրին եւ փափաքին համար, որ անոր իշխանութեան օրով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ըլլայ Ֆրանսա այցելող առաջին օտար նախագահը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն պարագային վայելած է Ֆրանսայի զօրակցութիւնն ու նեցուկը:

«Մաքրոնի հետ քննարկեցինք Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու խաղաղ բոլոր միջոցները, որոնց շնորհիւ Միջին Արեւելքի մէջ կրնայ խաղաղութիւն հաստատուիլ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմն ու տագնապը լուծման սեմին կը գտնուին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման նշոյլները արդէն իսկ սկսած են երեւիլ, «իսկ մենք կը սպասենք այդ բանակցութիւններուն յաջողութեան», աւելցուց ան:

Արաբեւիսրայէլեան տագնապին ակնարկելով` նախագահ Աուն ըսաւ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործել եւ բացայայտօրէն խախտել միջազգային բանաձեւերու գործադրութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը առաջնահերթութիւն է` պահպանելու համար շրջանային անդորրը: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջագիծին մէջ ֆրանսական ջոկատին ունեցած դերակատարութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց սուրիացի գաղթականներու տունդարձին անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ այդ իրողութիւնը պէտք չէ վերածուի բնակեցումի, որովհետեւ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ բնակեցումը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Մաքրոնէն խնդրած է զօրակցիլ Լիբանանին` զայն ՄԱԿ-ի պատկանող քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու առումով:

Նախագահ Աուն դրուատեց շրջանին մէջ Ֆրանսայի դերակատարութեան վերստանձնումը, ինչպէս նաեւ հաստատեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները առաւել եւս ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս դիւանագիտական, տնտեսական եւ մշակութային առումով:

Նախագահ Աուն յայտնեց նաեւ, որ Մաքրոնին շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութեան համար` նշելով, որ բանակը կրցած է Լիբանանը ազատագրել ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւումէն:

Նախագահ Աուն իր կարգին Մաքրոնը հրաւիրեց յառաջիկայ գարնան այցելելու Լիբանան:

Ուշ գիշերին Էլիզէի պալատին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը` ի պատիւ նախագահ Աունի:

Ընթրիքի երեկոյին ընթացքին Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա պիտի օժանդակէ Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով: Ան աւելցուց, որ Փարիզ ճիգ պիտի չխնայէ Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծման յանգելու:

Մաքրոն վերահաստատեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ հզօրացնել լիբանանեան բանակը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ըսաւ, որ լիբանանեան բանակը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հզօր յաղթանակ մը արձանագրած է` աւելցնելով. «Ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակը կը նուիրեմ ահաբեկչութեան բոլոր զոհերուն` Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր»:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ իրենք ամէն իմաստով կը մերժեն սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանանի մէջ բնակեցումը: Ան նաեւ նշեց, որ Լիբանանը վտանգի ենթարկել կը նշանակէ անձնասպանական գործողութիւն կատարել:

«Լիբանան այսօր կը գտնուի ահաբեկչութեան սպառնալիքին դիմաց եւ կը շարունակէ պայքարիլ այնպիսի դաւադրութիւններու դէմ, որոնք կը միտին հարուածել իր գոյութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ Լիբանան յաջողած է որդեգրել ընտրական նոր օրէնք մը` յայտնելով, որ երկրին մէջ կատարուելիք շատ աշխատանք կայ: «Իմ իշխանութեանս կարգախօսը փոփոխութիւն եւ բարեկարգումն է», յայտնեց ան:

Նշենք, որ մինչեւ Ֆրանսա հասնիլը, նախագահ Աուն օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ են իր զգացումները Ֆրանսա այցելութեամբ, նկատի ունենալով իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ Ֆրանսայի մէջ իր կեանքը, նախագահ Աուն ըսաւ. «Անիկա յաղթանակն է 26 տարի շարունակ անթեղուած ճշմարտութեան»:

Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ իրաւունքը լիբանանցիին պիտի շնորհուի:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Մինչ Աշխատաւորները Կը Գործադրեն Բաց Գործադուլն Ու Բողոքի Նստացոյցը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարար Օլկա Վասիլեւա Հայաստան Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են  Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?