Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Որոշում Տուաւ` Իր Նիստը Յետաձգելով Վաղուան

September 27, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր արտակարգ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական պաշտօնեաներու, զինուորականներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները վճարելու հեռանկարները` նկատի ունենալով Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ այդ յաւելումները ֆինանսաւորող տուրքերուն կասեցումը:

Նիստին ընթացքին կարելի չեղաւ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին մասին համաձայնութիւն մը գոյացնել, եւ նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստ մը ճշդուեցաւ վաղը` հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերին, նախագահական պալատին մէջ:

Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ նիստին ընթացքին Ամալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն միջեւ արձանագրուած է երկփեղկում` հաշուեփակ կատարելու եւ տուրքերը պետական ամավարկին ընդմէջէն վաւերացնելու իմաստով:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկած է աշխատավարձի յաւելումը ֆինանսաւորելու աղբիւրները:

Ռիաշի նշեց, որ կառավարութիւնը հինգշաբթի օր Պաապտայի պալատին մէջ պիտի շարունակէ իր քննարկումները:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը իրաւունք է եւ պարտաւորութիւն` աւելցնելով, որ ինք խանդավառ է այդ յաւելումներով:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ սահմանադրութեան մեկնաբանութիւնը խորհրդարանին իրաւունքն է` աւելցնելով, որ ներկայիս պատահածը խորհրդարանի եւ խորհրդարանի նախագահութեան իրաւասութիւններու շրջանցում է, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրի խախտում:

Անդրադառնալով Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին` Պըրրի յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները իրաւունք ունին, նոյնիսկ երբ անոնք իրաւունք չունին, «իսկ այս պարագային անոնք իրաւունք չունենալով հանդերձ իրաւունք ունին», աւելցուց ան:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ աշխատավարձի յաւելումները վճարելու սկզբունքին` աւելցնելով, որ յաւելումը իրաւունք է, զոր ոչ ոք կրնայ շրջանցել:

Գործադուլը Պիտի Շարունակուի Մինչեւ Հինգշաբթի

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ նախարարաց խորհուրդի նիստին զուգահեռ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ սկսաւ իր բողոքի նստացոյցը, որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ աշխատավարձի յաւելումը ստանալու պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն իրաւունքը:

Մեծ թիւով ցուցարարներ մերժեցին իրենց իրաւունքները սակարկութեան ենթարկել` տուրքերու մասին օրէնքի բեկանումին պատճառով: Անոնք կոչ ուղղեցին հարկեր պարտադրելու դրամատուներուն եւ ծովային կալուածներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կասեցնելու մսխումն ու փտածութիւնը:

Կառավարութեան նիստին յետաձգումէն ետք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն աւարտին յայտարարուեցաւ, որ խորհուրդը իր յայտարարած գործադուլը պիտի երկարաձգէ մինչեւ հինգշաբթի` աւելցնելով, որ խորհուրդին անդամները հինգշաբթի օր Պաապտայի մուտքին պիտի գործադրեն բողոքի նստացոյց մը:

Լիբանանեան պետական վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի վարչութիւնը հաստատեց, որ պիտի շարունակէ իր գործադուլը:

Սեփական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ երէկ երեկոյեան ընդգծեց, որ սեփական դպրոցներուն մէջ այսօր դասադուլը պիտի չշարունակուի` կոչ ուղղելով ուսուցիչներուն մասնակցելու սենտիքային կողմէ վաղը երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարուելիք ընդհանուր ժողովին:

Իսկ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) պաշտօնեաներու սենտիքան յայտարարեց, որ ընդառաջելով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կոչին, պիտի շարունակէ իր գործադուլը: Սենտիքան յայտնեց, որ տամանի կեդրոնները բաց պիտի ըլլան, սակայն աշխատանք պիտի չըլլայ, բացի բժշկական պարագաներու գործառնութիւններէն:

 

Նախորդը

Սալիպայի Հաղորդագրութիւնը` Պետական Անվտանգութեան Ուժերու Հիմնադրման 33-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Ֆրանսայի Մէջ. «Լիբանան Այլեւս Կարողութիւն Չունի Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հետեւանքները Հանդուրժելու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.