Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր ան հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչական, մշակութային եւ զինուորական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու հեռանկարները:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աուն հանդիպումներ ունենայ նաեւ ֆրանսացի պետական այլ պաշտօնատարներու հետ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Լը Ֆիկարօ», «Վալէօր աքթիուէլ» եւ «Փարի մաչ» թերթերուն հետ ունեցաւ հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին շեշտեց Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին մէջ քրիստոնեայ ներկայութեան իր կառչածութիւնը:
Ան ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը` հաստատելով սակայն, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական ծանր տագնապ մը:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ գործակցութեան ակնարկող հարցումի մը, նախագահ Աուն շեշտեց, որ երբ անհրաժեշտութիւն ըլլայ ինք կապ կը հաստատէ սէյիտ Նասրալլայի հետ, սակայն հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէն ի վեր անոր հետ հանդիպում չէ ունեցած:
Անդրադառնալով Սուրիոյ պատերազմին նկատմամբ Լիբանանի ռազմավարութեան, նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ ռազմավարութիւնը լիբանանեան սահմաններու պաշտպանութիւնն է, Լիբանանը ահաբեկչութենէ հեռու պահելը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ներքին հարցերէն զերծ մնալը:
Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ Փարիզի մէջ ֆրանսացի պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի կարելիութիւնները:
Ան յայտնեց նաեւ, որ ինք համոզուած է, թէ իսլամական ծայրայեղականները կարելի եղաւ տապալել լիբանանցիներուն միասնականութեամբ: Այս առումով, նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանեան բանակին իրագործած զինուորական գործողութիւնը, որուն շնորհիւ երկրին սահմաններէն դուրս շպրտուեցաւ ահաբեկչութիւնը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ Սուրիոյ պատերազմը մօտիկ ապագային պիտի աւարտի` մաղթելով, որ այդ տագնապը լուծելու համար կարելի ըլլայ յանգիլ խաղաղ լուծման:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին, նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ իմաստով Սուրիոյ հետ գործակցութիւն պիտի ծաւալի` աւելցնելով, որ այդ գործակցութիւնը արդէն իսկ առկայ է:


