Մամլոյ Արձակուրդ
Աշուրայի սգատօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին` «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 3 հոկտեմբերին:
Աշուրայի սգատօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին` «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 3 հոկտեմբերին:
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր արտակարգ նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` համախոհութիւնը պահպանելու անոնց ջանքերուն համար: Ան շեշտեց, որ համախոհութեան նպատակն է Լիբանանը փրկել տագնապէ մը եւ տալ որոշումներ` պահպանելու ելեւմտական կայունութիւնը, ապահովելու յաւելումները, ինչպէս նաեւ զանոնք ֆինանսաւորող ներդրումները: Հարիրի նշեց, որ քաղաքական, տնտեսական թէ այլ բնագաւառներու մէջ պէտք է այս ձեւով գործել,...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ամերիկեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան փոխպետ զօր. Չարլզ Պրաունը` ընկերակցութեամբ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներու պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ անոր քնացած բջիջներուն դէմ` իր բարձունքները ՏԱՀԵՇ-ի վտանգէն ազատագրելէ ետք: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան...
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Աքքար, ուր հաստատեց, որ ինք այս շրջանը կ՛այցելէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարի իր հանգամանքով: Պասիլ առաւօտեան հասաւ Պըպնին-Ապտէ` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի: Ապտէի մէջ Պասիլ ընդգծեց քաղաքացիներուն իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանցիները իրարու պէտք է նեցուկ կանգնին եւ զիրար օժանդակեն` աւելի լաւ ապագայ...
Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք այցելեց Սպայից վարժարան, ուր ստուգեց ընթացող կրթական տարեշրջանը եւ մարզումները: Ֆիատիէի մէջ Մալլաք հանդիպում մը ունեցաւ Սպայից վարժարանի տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ֆատի Ղարիպի եւ դպրոցի սպաներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ղարիպ անդրադարձաւ Սպայից վարժարանի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանին մէջ որդեգրուած արհեստագիտական բարգաւաճման դրութեան: Մալլաք ողջունեց Սպայից վարժարանի պատասխանատուներուն ջանքերը եւ արձանագրուած բարգաւաճումը: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց...
Լիբանանեան բանակը կը շարունակէ Արսալի բարձունքները վնասազերծել ականներէ: Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ արսալցիները կը հետեւին բանակին ցուցմունքներուն եւ զանոնք ուշադիր կերպով կը գործադրեն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ականներու գոյութեան: Այս շրջագիծին մէջ «Մուսթաքպալ» օրաթերթը կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակի սակրաւորները Արսալը բաժնած են տարբեր մասերու եւ զանոնք լաւապէս կը ստուգեն` վնասազերծելու համար բոլոր ականները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակը չեն արտօներ, որ կառավարութեան փոփոխութիւն կատարուի: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան այս փուլը պիտի դիմագրաւէ նուազագոյն վնասներով: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գաղթականներու բնակեցումին վերաբերող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնները խիստ մերժելի են: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ, սէյիտ...
Կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարչապետարանին մէջ դարձեալ պիտի գումարէ նիստ մը` վերջնականացնելու համար աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորող տուրքերուն բարեփոխումները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր երէկուան նիստին: Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն առաջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի հետ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը...
Անդրադառնալով Ապրայի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ արձանագրուած դէպքերուն եւ 18 բանակայիններու նահատակութեան` Զինուորական ատեանը երէկ երեկոյեան Ահմետ Ասիրը դատապարտեց մահապատիժի: Ապրայի դէպքերուն մեղսակցութեան իբրեւ պատիժ Զինուորական ատեանը Ֆատըլ Շաքերի դէմ արձակեց 15 տարուան տաժանակիր աշխատանքով բանտարկութեան վճիռը` զայն զրկելով քաղաքացիական իր իրաւունքներէն: Մահապատիժի դատապարտուեցան նաեւ Ֆատի Պէյրութի, Հիւսէյն Եասին, Ապտել Պասեթ Պարաքաթ, Խալետ Ամեր, Մոհամետ Սալահ, Մոհամետ Հիլալ Նաքուզի եւ...
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախանցեալ օր Քաթարի մէջ մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան հրաւիրած Զբօսաշրջութեան համաշխարհային օրուան յատուկ ձեռնարկին, որուն ներկայ էին Քաթարի վարչապետը, Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆայի եւ կարգ մը երկիրներու զբօսաշրջութեան նախարարներ: Իր խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանան հսկայական ջանքեր ի գործ կը դնէ Լիբանանը վերահաստատելու զբօսաշրջութեան համաշխարհային քարտէսին վրայ` անոր վայելած քաղաքական եւ ապահովական...
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, զոր ընթերցեց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա: Ան ընդգծեց Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը` երկրին բոլոր հարցերուն լուծման վերաբերող, սկսեալ աշխատավարձի յաւելումներէն եւ պետական ամավարկի հաշուեփակին շուրջ արձանագրուած տարակարծութիւններէն, հասնելով սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին, ինչպէս...
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ գիշեր ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի կարիքներն ու բարգաւաճման ծրագիրները գործադրելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի եւ Ռիֆի շեշտեցին երկկողմանի գործակցութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիին ծառայելու անհրաժեշտութիւնը: Երկու ղեկավարները որոշեցին իրենց միջեւ հանդիպումները բաց պահել` լաւագոյնս ծառայելու համար Թրիփոլիին եւ անոր բնակչութեան:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Ժետտայի մէջ հանդիպումներ ունեցան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան հեռանկարները: Երեկոյեան Ժահժահ վերադարձաւ Լիբանան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց` զգուշանալու Արսալի, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ շրջելէ, որովհետեւ տակաւին հոն կան ականներ եւ ականուած գօտիներ, որոնք վնասազերծուելու ընթացքի մէջ են: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ժամանակը եկած է արդէն գործադրելու սահմանադրութեան այն կէտը, որուն համաձայն, պէտք է լիբանանեան շրջաններուն մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործել: ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապին որոշումին...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրները` նկատի ունենալով Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ տուրքերու օրէնքին բեկանումը: Թէեւ պետական պաշտօնատարներ կը նախատեսեն, որ կառավարութիւնը լուծումներու յանգի, եւ աշխատավարձի յաւելումները կատարուին այս ամսուան աւարտին, սակայն պետական պաշտօնեաներու սենտիքաներն ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կը մնան իրենց իրաւունքը պահանջելու կեցուածքին վրայ` կոչ ուղղելով այսօր...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին աւարտեց Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Պէյրութ: Նախքան Փարիզէն վերադարձը, նախագահ Աուն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յղեց հեռագիր մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորումին եւ ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են: Հեռագիրին մէջ շեշտուեցաւ, որ նախագահ Աուն անհամբեր...
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան անցեալ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Ֆրանսա, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի պատասխանատուներուն հետ` երկկողմանի զբօսաշրջական յարաբերութիւնները բարելաւելու շրջագիծին մէջ: Նախարար Կիտանեան հանդիպում ունեցաւ ճամբորդական գրասենեակներու, պտոյտներ եւ այլ ձեռնարկներ կազմակերպող 120 ընկերութիւններու հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան շեշտեց Լիբանանի զբօսաշրջական առաւելութիւնները` ընդգծելով, որ անիկա եւրոպացիներուն եւ յատկապէս ֆրանսացիներուն համար զբօսաշրջական հիմնական վայր մըն է, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովներ...
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրադարձութիւնները: Լասըն շնորհաւորեց Հարիրին Արսալի բարձունքներուն եւ արեւելեան լեռնաշղթային վրայ զինեալներուն դէմ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով: Ան ընդգծեց Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը օժանդակելու լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին եւ հայրենիքին սահմանները պաշտպանելու առաքելութեան ի խնդիր: Հարիրի Լասընի հետ...
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ սկսաւ շրջապտոյտի մը, որուն ծիրին մէջ ան երէկ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասիի: Անդրադառնալով Ժահժահի Ռիատ կատարած այցելութեան` Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Մաղթեմ, որ Սամիր Ժահժահի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի Սէուտական Արաբիա տուած այցելութեան նպատակը երկրին քաղաքական կեանքի փոթորկումը չըլլայ»:...
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները: Սարրաֆ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթին, որուն հետ քննարկեց շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամսուան...
2011/03/04 – 2014/12/31