Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մանրամասնութիւնները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ մաքսատան տնօրէն Պատրի Տահերը:



