Ներքին ապահովութեան ուժերը նախանցեալ օր Արսալի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի մը (Օ. Օ., ծնեալ 1991-ին), որ ՏԱՀԵՇ-ական է եւ 2014-էն ի վեր Արսալի ու անոր բարձունքներուն վրայ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրած:
Ներքին ապահովութեան ուժերը Արսալի մէջ գրաւեցին նաեւ «Հոնտա Սի. Ար. Վի.» եւ «Թոյոթա Ռավ 4» տիպի ինքնաշարժներ, որոնք թիւեր չէին կրեր:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի բարձունքներուն վրայ` Խըրպեթ Եունինի մէջ, բացայայտեց 6 ականներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 500 քկ էր: Բանակը Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող քարայրի մը մէջ գտաւ նաեւ մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթեր:



