«ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ ուրբաթ, 29 սեպտեմբերէն սկսեալ դէպի Էրպիլ իր թռիչքները պիտի կասեցնէ:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պետական ամավարկին ընդմէջէն ֆինանսաւորելը երկրին ելեւմտական իրավիճակը անձեռնմխելի կը դարձնէ:
ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն սկզբունքները տակաւին առկայ են` կտրականապէս մերժելով կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւնները:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է մտահոգուի աշխատավարձի յաւելումներով` աւելցնելով որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի տուրքերու դրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու:


