ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, 28-29 հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանանի մէջ պիտի սկսի կիրարկուիլ ձմեռնային ժամանակացոյցը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուած յաղթանակները պատմական էին եւ առանցքային` աւելցնելով, որ անոնք շրջանին դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկած են:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, թէ Լիբանանի դէմ սկսած է նիւթուիլ դաւադրութիւն մը, որ կը կոչուի սուրիացիներու բնակեցում:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ «սիոնական գոյացութիւնը մտահոգութիւն կ՛ապրի` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մեր արձանագրած յաղթանակին պատճառով»:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը այնքան զէնք ունի, որ կրնայ դիմադրել ամէն տեսակ յարձակումի եւ բռնարարքներու, ներառեալ` Իսրայէլի յարձակումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ խորհրդարանի իրաւասութիւնները պաշտպանելու շրջագիծին մէջ իրենք կը զօրակցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքներուն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է մշակէ ելեւմտական յստակ քաղաքականութիւն մը եւ վերատեսութեան ենթարկէ տուրքերու համակարգը:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները այս ամսուան աւարտին պիտի վճարուին:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումը ժողովուրդին իրաւունքն է, եւ պէտք չէ զայն խլել:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի շեշտեց, որ Լիբանան քաղաքակրթութիւններու խառնուրդ մըն է, եւ երկխօսութիւնը միակ լուծումն է:
ՀԱՆԴԻՊԵԼԷ ետք հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի, Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ շեշտեց, որ Ժողովրդային պլոքին եւ Մարատա հոսանքին միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պիտի ֆինանսաւորուին տուրքերուն եւ կարգ մը նիւթական սեղմումներուն ընդմէջէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ հաստատեց, որ կառավարութեան կողմէ աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքի սառեցումը խիստ մերժելի է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուած յաղթանակները ամբողջ աշխարհը ցնցած են:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռուսիա վարչապետ Սաատ Հարիրիի խոստացած է սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը լուծել` Դամասկոսի հետ երկխօսութեամբ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, տնտեսական եւ քաղաքական թղթածրարներու առումով Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ լուրջ հարցեր կան:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները լիբանանեան բանակին` գործակցութեամբ Դիմադրութեան, արձանագրած յաղթանակը, երկրին բարձունքները ազատագրելու առիթով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ տեղահանուածներու հարցին ուղղութեամբ միջազգային միտումները ապառողջ են: Ան ընդգծեց այդ միտումներուն դիմադրելու իմաստով լիբանանեան ներքին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյատեւումը լիբանանեան գոյացութեան հարուած մըն է: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը պայքարը յաղթանակով պսակել է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ երկիրներու եւ պետութիւններու իրաւունքն է պաշտպանել հողն ու ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ իրենց շահերը: Օսէյրան աւելցուց, որ Լիբանանն ալ նոյն ընթացքին մէջ է, ինչպէս միւս բոլոր երկիրները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Հըզպալլայի զէնքը Լիբանանի երաշխիքն է, այնքան ատեն որ Իսրայէլի եւ բնակեցումի սպառնալիքները առկայ են:


