ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքին թեր քուէարկած է, իսկ տուրքերու վաւերացման նիստին ներկայ չէ գտնուած, որովհետեւ տուրքերու օրէնքը համոզիչ չէ գտած:
Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն միշտ ջատագովը եղած է յառաջատուական տուրքերու որդեգրումին, այսինքն` իւրաքանչիւր դասակարգ կը վճարէ իր շահած գումարին համապատասխանող տուրք:
Անդրադառնալով տուրքերու օրէնքը բեկանող Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ որոշումը յեղափոխական կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ ցարդ այդ խորհուրդը իր պարտականութիւնը բնական կերպով չէ կատարած: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն դարձեալ իրաւունքով դուրս եկած է, եւ Սահմանադրական խորհուրդը զօրակցեցաւ այդ իրաւունքին: «Իսկ մեր պարտականութիւնն է խորհրդարանին մէջ լուծումներ գտնել տուրքերու այդ հարցին», յայտնեց ան:
Ան շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը լիբանանցի քաղաքացիին բացարձակ իրաւունքն է, մանաւանդ երբ ժողովուրդը վեց տարի շարունակ սպասած է այդ իրաւունքին: «Պետութիւնը աշխատավարձի յաւելումները որոշ ժամանակի համար կրնայ ապահովել պահ դրուած գումարներէն, մինչեւ որ խորհրդարանը քննարկէ պետական ամավարկը եւ գտնէ հարկեր եւ յարմար պայմաններ` ֆինանսաւորելու համար աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ պարտադրէ կառավարութեան անցեալ տարուան հաշուեփակը կատարել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ մսխումի եւ փտածութեան կասեցումը` հաստատելով, որ անիկա կ՛օժանդակէ պետութեան հեղինակութիւնը վերահաստատելու, անոր նկատմամբ լիբանանցիին վստահութիւնը բարձրացնելու եւ ի վերջոյ պետութեան նիւթական մուտք ապահովելու:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ դժբախտաբար խորհրդարանը ինքն իրեն պարտադրած է ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որուն չէ համոզուած: Ան նշեց, որ համամասնական դրութիւնը ընտրական արդիական օրէնքներէն է, սակայն անիկա յարմար է ոչ համայնքային երկիրներու: «Համամասնական դրութիւնը ընտրական լաւ ձեւ է այն վարչակարգերուն համար, որոնք հիմնուած են քաղաքական համախմբող կուսակցութեանց վրայ: Լիբանանի մէջ համամասնական դրութիւնը գործադրելու համար որոշ սկզբունքներու շրջանցում կը կատարուի եւ ճկունութիւն կը խաղցուի», նշեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: «Քաղաքացիին կողմէ կենսաչափական անձնաթուղթի գործառնութեան սկսելու եւ կանխաւ անունը արձանագրելու դժուարութեան լոյսին տակ, սովորական անձնաթուղթի
կամ անցագիրի հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելը զայն յետաձգելէն շատ աւելի լաւ է», ըսաւ ան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ ուղղուած կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կոչին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա կը մղէ քաղաքական ուժերը երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին` 2018-ի մայիսին, առանց մտածելու այդ ընտրութիւնները դարձեալ յետաձգելու հաւանականութեան մասին:
ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն եւ դաշնակիցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ տակաւին շատ կանուխ է թեկնածուներուն եւ դաշնակիցներուն մասին խօսելու:
Այս առումով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն փորձած է աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչին աթոռը Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան փոխադրել, սակայն չէ յաջողած:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ աւետարանական համայնքի երեսփոխանը 1972-2005 եղած է հայ: «Ոչինչ կ՛արգիլէ, որ աւետարանական թեկնածուն հայ ըլլայ: Հետեւաբար այս դիտանկիւնէն մեկնելով առաջարկած էի, որ ինչպէս փոքրամասնութիւններուն աթոռը Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան պիտի փոխադրուի` քուէարկող զանգուածին պատճառով, նոյնպէս ալ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչին աթոռը Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան փոխադրուի, ուր քուէարկողներու թիւը մեծ է: Այս առաջարկը նորութիւն չէ, այլ պատմութիւն ունի, 1960-ի իսկական ընտրական օրէնքով աւետարանական համայնքին ներկայացուցիչը եղած է Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ, իսկ փոքրամասնութիւններունը` Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ», ըսաւ ան:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին եւ Լիբանանի մէջ անոնց բնակեցումը մերժելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ողջունելի նկատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքը Նիւ Եորքի մէջ, ընդգծելով, որ պէտք է հպարտանալ լիբանանեան միասնականութիւնը դրսեւորող այդ կեցուածքով:
Միւս կողմէ, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ քաղաքական գործունէութեան մակարդակի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ նուազագոյն համադրումը կ՛ենթադրէ եւ անիկա պէտք չէ հարցի վերածել:
Պատասխանելով Լիբանանի մէջ հայերու բնակեցումին մասին ակնարկող հարցումի մը, որ կայանին հետ հաստատուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընդմէջէն ուղղուած էր, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Հայերը Լիբանանի մէջ կը գտնուէին նախքան Մեծն Լիբանանի յայտարարութիւնը: Եթէ մենք Լիբանանի մէջ բնակեցուած կը նկատուինք, երանի թէ յառաջիկային Լիբանանի մէջ բնակեցուող իւրաքանչիւր գաղթական ըլլայ հայուն նման եւ Լիբանանին ընծայէ հայոց ընծայածին քառորդը»:



