Պետական անվտանգութեան ուժերու հիմնադրութեան 33-ամեակին առիթով` այդ ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անցնող տարիներուն մեծ դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման գտնուած են, սակայն կրցած են տոկալ, յառաջդիմել եւ բարգաւաճիլ` յաջողութիւններ արձանագրելով բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Սալիպա շեշտեց, որ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը պիտի չկարենար յառաջդիմել, եթէ անոր պատասխանատուները հզօր չըլլային եւ ապահովական այս կառոյցին դիմաց ծառացած բոլոր դժուարութիւնները չդիմագրաւէին:
«Այս ձեւով է, որ պետական անվտանգութեան ուժերուն դրօշը սերունդէ- սերունդ փոխանցուած է եւ անոր դիմադրողականութիւնը զօրացուցած` փորձառութիւն կուտակելով:
Այսօր երկրին տնտեսական, ապահովական եւ քաղաքական բնագաւառները կ՛ապրին դժուար իրավիճակ մը, սակայն հարցերն ու տագնապները կը լուծուին` հզօրացնելով Լիբանանն ու լիբանանեան պետութիւնը:
Բանակի ձեր ընկերները իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի հողին վրայ եւ դարձան հերոս նահատակներ` պայքարելով հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ եւ յաղթելով անոր:
Կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի պայքարելու եւ բնաւ չընկրկելու, ինչպէս նաեւ վստահելու երկրին քաղաքական իմաստուն ղեկավարութեան, որուն իշխանութեան պետերը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկրին դիմագրաւած տագնապները լուծելու:
Պետական անվտանգութեան ուժերու հիմնադրութեան 33-ամեակին առիթով կը մաղթեմ, որ պայքարը շարունակուի, եւ Լիբանանը յուզող տագնապները հերթաբար լուծուին», նշեց Սալիպա` իր խօսքը ուղղելով Պետական անվտանգութեան ուժերու անդամներուն:



