Լիբանանեան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Այսօր  Կը Սկսի Կառավարութեան  Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն

Հարիրի Շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին 87-ամեակը: Այս շրջագիծին մէջ Հարիրի դրուատեց Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին, գահաժառանգ իշխան եւ փոխվարչապետ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին դերակատարութիւնը` արաբական եւ իսլամական շահերու պաշտպանութեան մէջ: Հարիրի բարձր գնահատեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է զօրակցելու բոլոր լիբանանցիներուն անխտիր, որպէսզի Լիբանան կարենայ շրջանցել իր...

«Հաւատադրժողական Յարձակումներուն Դէմ  Դնելը Մեր Ազգային  Եւ Կրօնական Պարտականութիւնն Է»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Հաւատադրժողական Յարձակումներուն Դէմ Դնելը Մեր Ազգային Եւ Կրօնական Պարտականութիւնն Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի առիթով կազմակերպուած սուգի երեկոյի մը ընթացքին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` շեշտելով, որ Իսրայէլի դէմ պայքարը կը մարմնաւորէ ազգային, արաբական եւ շրջանային շահեր իրականացնող Աստուածային պարտականութիւնը: «Մեծ զոհողութիւններէ ետք, Դիմադրութիւնը կրցաւ վերջ տալ իսրայէլեան բռնագրաւումին, ձախողեցնել Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ծրագիրն ու շրջանին մէջ Մեծն Իսրայէլի մը կերտումը», հաստատեց ան: Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ եթէ...

Զօր. Աուն Այցելեց Նաքուրա

Զօր. Աուն Այցելեց Նաքուրա

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին այցելեց Նաքուրա, ուր դիմաւորուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերրիի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ տիրող իրադարձութիւնները, բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, սահմանագիծի կայունութիւնը պահպանելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը: Զօր. Աուն այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան...

Մաշնուք. «Պասիլ-Մոալլեմ Հանդիպումը Վարչապետին Դէմ Քաղաքական Յարձակում Է»

Մաշնուք. «Պասիլ-Մոալլեմ Հանդիպումը Վարչապետին Դէմ Քաղաքական Յարձակում Է»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ անոր սուրիացի պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի միջեւ կատարուած հանդիպումը վարչապետին դէմ քաղաքական յարձակում է, «որուն պիտի պատասխանենք կարելի եղած բոլոր միջոցներով», ըսաւ ան: Մաշնուք շեշտեց, որ երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական տագնապը կը խանգարէ պետական ծրագիրներուն յառաջդիմութիւնը: Ան հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոր ներկայացուց նախարարութեան պատրաստած օրինագիծերը, որոնք կը միտին կասեցնել փտածութիւնը: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս շաբաթավերջին այցելեց Աքքար, ուր շեշտեց, թէ պետական ամավարկին վաւերացման լոյսին տակ իր նախարարութիւնը պիտի կուպրապատէ Աքքարի բոլոր փողոցները: Ան աւելցուց նաեւ, որ պիտի...

ՄԱԿ-ի Մէջ  «Լիբանան Ոչ Մէկ Գաղթականի  Կամ Տեղահանուածի Բնակեցումը  Պիտի Արտօնէ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

ՄԱԿ-ի Մէջ «Լիբանան Ոչ Մէկ Գաղթականի Կամ Տեղահանուածի Բնակեցումը Պիտի Արտօնէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հինգշաբթի, 21 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կրցած է դիմադրել ահաբեկչութեան, որ հրկիզած է շատ մը երկիրներ: «Ահաբեկչութեան դիմադրելու կողքին Լիբանան կրցած է պահպանել իր ազգային միասնականութիւնը, հակառակ երկրին մէջ ինքզինք պարտադրող քաղաքական սուր երկփեղկումին: Լիբանան իր բոլոր ուժերով կրցած է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու...

Նիւ Եորքի Մէջ.  Պասիլ Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայ,  Արաբ Եւ Օտար Պաշտօնակիցներու Հետ

Նիւ Եորքի Մէջ. Պասիլ Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայ, Արաբ Եւ Օտար Պաշտօնակիցներու Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Նալբանդեան Պասիլին յանձնեց 21 նոյեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան յատուկ խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէր մը: Պասիլ այլ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ` ներկայութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար...

Սահմանադրական Խորհուրդը Չեղեալ  Կը Նկատէ Տուրքերու Օրէնքը

Սահմանադրական Խորհուրդը Չեղեալ Կը Նկատէ Տուրքերու Օրէնքը

Սահմանադրական խորհուրդը երէկուան իր նիստին ընթացքին քննարկեց տուրքերու օրէնքին մասին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցած վիճարկումը, որուն լոյսին տակ միաձայնութեամբ որոշեց չեղեալ նկատել խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերուն օրէնքը: Նիստին նախագահեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ դատաւոր Իսամ Սլէյման` ներկայութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ դատաւոր Թարեք Զիատէի եւ անդամ դատաւորներ Մոհամետ Պասսամ Մուրթատայի, Սալահ Մուխայպերի, Սուհել Ապտել Սամատի, Թուֆիք Սուպրայի, Զաղլուլ Աթիէի, Անթուան Խէյրի,...

«Պատերազմի Սիրահարներ Չենք, Սակայն  Եթէ Ստիպուինք, Ապա Պիտի Կռուինք»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Պատերազմի Սիրահարներ Չենք, Սակայն Եթէ Ստիպուինք, Ապա Պիտի Կռուինք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի առիթով Հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուած սուգի երեկոյի մը ընթացքին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Աշուրայի խորհուրդին` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը նպատակ մը իրականացնելու միջոց է եւ ճիշդ չէ, որ ան նպատակի վերածուի: «Պատերազմի սիրահարներ չենք, սակայն եթէ ստիպուինք, ապա պիտի կռուինք, նոյնիսկ եթէ մեր դիմաց կանգնին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Իսրայէլը,...

Այզընքոթ. «Հըզպալլա Ձեռք Ձգած Է  Փորձառութիւն Մը, Որ Իսկապէս Լուրջ Է»

Այզընքոթ. «Հըզպալլա Ձեռք Ձգած Է Փորձառութիւն Մը, Որ Իսկապէս Լուրջ Է»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Ղատի Այզընքոթ յայտնեց, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին Հըզպալլա ձեռք ձգած է փորձառութիւն մը, որ իսկապէս լուրջ է եւ երբեք կասկածի տակ կարելի չէ առնել: Այզընքոթ յայտնեց, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններուն համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը գտնուի Իսրայէլի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ եւ կը շարունակէ հզօրացնել Հըզպալլայի կարողութիւնները: «Չենք կրնար հաստատել, որ լիբանանեան գիւղերէն Իսրայէլ...

Սալիպա. «Թէեւ Ահաբեկիչները Մեր Սահմաններէն  Դուրս Շպրտած Ենք, Սակայն  Պէտք Է Զգուշանանք Անոնց Քնացող Բջիջներէն»

Սալիպա. «Թէեւ Ահաբեկիչները Մեր Սահմաններէն Դուրս Շպրտած Ենք, Սակայն Պէտք Է Զգուշանանք Անոնց Քնացող Բջիջներէն»

Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա լսատեսողական լրատուամիջոցներու հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատեց այդ լրատուամիջոցներուն դերակատարութիւնը երկրին վերաբերող բոլոր իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն արձանագրած յաղթանակներուն  անդրադառնալու առումով: Հանդիպումը, որ սկսաւ նահատակ բանակայիններու յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով, յատկացուեցաւ Սալիպայի կատարելիք յայտարարութիւններուն: Սալիպա նշեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները տակաւին ներկայ են եւ...

«ՄԱԿ Պիտի Շարունակէ Լիբանանեան  Բանակին Տրամադրուելիք Միջազգային  Օժանդակութիւնը Քաջալերել»   Շեշտեց Քաակ

«ՄԱԿ Պիտի Շարունակէ Լիբանանեան Բանակին Տրամադրուելիք Միջազգային Օժանդակութիւնը Քաջալերել» Շեշտեց Քաակ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ այցելեց Արսալի եւ Լապուէի բարձունքները: Արսալի բարձունքներուն վրայ զետեղուած բանակի դիրքերուն մէջ Քաակ հանդիպում մը ունեցաւ գնդապետ-զօրավար Սամի Հուայեքի ու բանակի այլ պատասխանատուներուն հետ եւ դրուատեց լիբանանեան բանակին ճիգերն  ու Լիբանանի ապահովական կայունութեան անոր կառչածութիւնը: Քաակ նշեց, որ Լիբանանի պետական հաստատութիւններն ու բանակը հզօրացնելը ահաբեկչութիւն եւ որեւէ վտանգ կամ մարտահրաւէր կանխարգիլելու...

Նաքուրայի Մէջ.  Զօր. Պերի Նախագահեց  Եռակողմանի Ընթացիկ Նիստին

Նաքուրայի Մէջ. Զօր. Պերի Նախագահեց Եռակողմանի Ընթացիկ Նիստին

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ նախագահեց լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած եռակողմանի զինուորական ընթացիկ հանդիպումին: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը եւ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած խախտումներն ու իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերու...

Մամլոյ Արձակուրդ

Իսլամական Նոր տարուան առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 23 սեպտեմբերին:

Նիւ Եորքի Մէջ.  «Լիբանանեան Բանակին Հասած Օժանդակութիւնները Կարեւոր Են` Իր Առաքելութիւնը Շարունակելու Համար»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նիւ Եորքի Մէջ. «Լիբանանեան Բանակին Հասած Օժանդակութիւնները Կարեւոր Են` Իր Առաքելութիւնը Շարունակելու Համար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ: Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Էտուարտ Կապրիէլ, իսկ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախագահ Աունի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնն ու Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Քարլա Ժազզարը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով կազմակերպութեան ունենալիք դերակատարութիւնը: Պատուիրակութիւնը դրուատեց լիբանանեան բանակին իրագործած...

Խորհրդարանը Մերժեց Տեղահանուածներու Բնակեցումին Մասին Թրամփի Յայտարարութիւնը

Խորհրդարանը Մերժեց Տեղահանուածներու Բնակեցումին Մասին Թրամփի Յայտարարութիւնը

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին շարունակեց գումարել օրէնսդրական իր նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց նաեւ երեք այլ օրինագիծեր: Խորհրդարանը յետաձգեց երեսփոխան Խալետ Տահերի կողմէ առաջարկուած` ուրբաթ եւ կիրակի օրերը արձակուրդի օրեր նկատելու օրինագիծին քննարկումը, որուն մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի յայտնեց, թէ այդ օրինագիծը երկրին մէջ բաւական իրարանցում յառաջացուցած է: Խորհրդարանը յետաձգեց քննարկումը նաեւ այն օրինագիծերուն, որոնք աշխատավարձի յաւելումին եւ...

Սարրաֆ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Թուրքիա

Սարրաֆ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Թուրքիա

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Նուրէթթին Քանիքլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Զաայթեր Դարձեալ Կ՛այցելէ Սուրիա

Զաայթեր Դարձեալ Կ՛այցելէ Սուրիա

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զայթեր երէկ դարձեալ այցելեց Դամասկոս` շարունակելու համար երկու երկիրներուն միջեւ երկրագործական մարզին վերաբերող համաձայնագիրները ստորագրելու հոլովոյթը: Այս շրջագիծին մէջ Զաայթեր Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար Ապտալլա Ղարպիի հետ ստորագրեց լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու յատուկ համաձայնագիրներ, որոնց մաս կը կազմեն պանանի եւ գետնախնձորի արտադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ մսեղէնի արտածումին վերաբերող համաձայնագիրները: Ղարպիի հետ համաձայնութիւն գոյացաւ տարանցումը աշխուժացնելու...

Իսլամական Նոր Տարուան Առիթով.   «Լիբանան Դաւադրութեան Ծուղակը Չէ Ինկած Եւ Պիտի Չիյնայ»   Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Իսլամական Նոր Տարուան Առիթով. «Լիբանան Դաւադրութեան Ծուղակը Չէ Ինկած Եւ Պիտի Չիյնայ» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Իսլամական նոր տարուան առիթով յայտնեց, որ քանի մը ամիս ետք տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւններուն կայացման շուրջ կան կասկածներ, որոնք վնասակար են: «Լիբանան դաւադրութեան ծուղակը չէ ինկած եւ պիտի չիյնայ: Մեր քաջ բանակը փաստեց, որ ինք կարողութիւն ունի ահաբեկչութիւնը տապալելու եւ Լիբանան հայրենիքին ու լիբանանցի քաղաքացիին ապահովութիւնը վտանգի ենթարկող...

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Շարք Մը  Օրէնքներ, Որոնցմէ Են Նաւթի Մարզին  Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան  Ուժերուն Վերաբերողները

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Շարք Մը Օրէնքներ, Որոնցմէ Են Նաւթի Մարզին Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Վերաբերողները

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր լիագումար նիստը, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու կառավարութեան: Նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստը, Պըրրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հարիրիի հետ: Օրէնսդրական նպատակով հրաւիրուած  խորհրդարանի Ա. նիստը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին: Նիստին ընթացքին խօսքեր առին 17 երեսփոխաններ, որոնք անդրադարձան ելեկտրականութեան, երթեւեկի խճողումներուն, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ մակնիսական քարտերուն, ինչպէս նաեւ աղբի...

Page 705 of 987 1 … 704 705 706 … 987

Արխիւներ