Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Զօր. Աունին այցելեց նաեւ Ռուսիոյ կառավարութեան մօտ զինուորական գործակցութեան խորհուրդի նախագահ Ալեքսի Ֆրոքլինը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ յիսնապետ Ռաթմիր Կապասովի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Փիեռ Լուիճի Մոնթետորօ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:



