Լիբանանեան

«Լիբանանը Քաղաքակրթութիւններու  Երկխօսութեան Կեդրոնի Վերածելու Նպատակը  Աշխարհին Մէջ Խաղաղութեան  Մշակոյթի Տարածումն Է»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանանը Քաղաքակրթութիւններու Երկխօսութեան Կեդրոնի Վերածելու Նպատակը Աշխարհին Մէջ Խաղաղութեան Մշակոյթի Տարածումն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց արաբ եւ օտար ատամնաբուժներու սենտիքաները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ կը մասնակցի Ատամնաբուժներու 27-րդ խորհրդաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի մէջ` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահին: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանը քաղաքակրթութիւններու, կրօններու եւ ժողովուրդներու երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու նպատակը աշխարհին մէջ  խաղաղութեան մշակոյթի տարածումն է: Ան դատապարտեց համաշխարհային մակարդակի վրայ տարածուած ատելութիւնն ու պատերազմները` հաստատելով, որ Լիբանան...

Զօր. Աուն Նախագահեց Ամերիկեան-Բրիտանական  Օժանդակութիւններուն Հսկող Յանձնախումբի Նիստին

Զօր. Աուն Նախագահեց Ամերիկեան-Բրիտանական Օժանդակութիւններուն Հսկող Յանձնախումբի Նիստին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ դեսպաններ Էլիզապեթ Ռիչըրտը եւ Հիւկօ Շորթըրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները: Ապա զօր. Աուն նախագահեց բանակին կատարուելիք ամերիկեան-բրիտանական օժանդակութիւններուն հսկող յանձնախումբի նիստին: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան սահմանները պաշտպանելու նպատակով Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի ներկայացնելիք օժանդակութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ...

Պըրրի. «2017-ի Պետական Ամավարկը  Այս Ամսուան Ընթացքին Պիտի Վաւերացուի»

Պըրրի. «2017-ի Պետական Ամավարկը Այս Ամսուան Ընթացքին Պիտի Վաւերացուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ 2017-ի պետական ամավարկը այս ամսուան ընթացքին պիտի վաւերացուի` յոյս յայտնելով, որ այդ վաւերացումէն ետք խորհրդարանը օրէնսդրական այլ նիստերու ընթացքին կը վաւերացնէ նաեւ նաւթի վերաբերող օրինագիծերը: Միւս կողմէ, վստահելի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի հետ նախապէս Մսայլեհի մէջ Պըրրիի ունեցած հանդիպումին ընթացքին «Էմ. Քա.» տիպի...

Սարրաֆ Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Ապսի Պատրիարքին Հետ

Սարրաֆ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ապսի Պատրիարքին Հետ

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ապսի պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանը կազմող ընկերային բոլոր շերտերուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` երկրին ընկերային եւ քաղաքական կեանքը բարելաւելու եւ բարգաւաճեցնելու նպատակով: Իր կարգին, Սարրաֆ ներկայացուց Լիբանանի վերաբերող քաղաքական եւ ապահովական վերջին զարգացումները եւ Լիբանանը պաշտպանելու հեռանկարները:...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան Այլեւս Չի  Կրնար Հանդուրժել Տեղահանուածներու  Թղթածրարին Հետեւանքները»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան Այլեւս Չի Կրնար Հանդուրժել Տեղահանուածներու Թղթածրարին Հետեւանքները»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հռոմ եւ Միացեալ Նահանգներ: Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքները, որովհետեւ ան արդէն իսկ տնտեսական եւ ապրուստի տագնապ կը դիմագրաւէ, ինչպէս նաեւ արտագաղթի հոսքը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածները քաղաքական եւ յարանուանական...

Իպրահիմ. «Քաղաքական Բոլոր Ուժերէն  Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք»

Իպրահիմ. «Քաղաքական Բոլոր Ուժերէն Նոյն Հեռաւորութեան Վրայ Կը Գտնուինք»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Զահլէ, ուր դիմաւորուեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Պեքաայի եւ Զահլէի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին կողմէ: Զահլէի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին մուտքին Իպրահիմ արժանացաւ պաշտօնական եւ ժողովրդային ջերմ դիմաւորումի: Ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, Տարուիշ եպիսկոպոս ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ապպաս Իպրահիմի: Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը քաղաքական բոլոր ուժերէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ երկուշաբթի օրուան խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին երեսփոխանները պիտի քուէարկեն 2017-ի պետական ամավարկին եւ ոչ թէ այդ ամավարկին մասին ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրին: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին` շեշտելով, որ անիկա փշոտ թղթածրար մըն է, ինչպէս նաեւ ընդգծելով, որ այդ իմաստով սուրիական վարչակարգին հետ գործակցութիւնը խիստ մերժելի...

Նախագահ Աուն Տնտեսական Խորհուրդներու  Պատուիրակութեան Կը Հաստատէ,  Որ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Ետդարձ Չկայ

Նախագահ Աուն Տնտեսական Խորհուրդներու Պատուիրակութեան Կը Հաստատէ, Որ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Ետդարձ Չկայ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը` դիտել տալով, որ իշխանաւորներուն եւ տնտեսական ու ելեւմուտքի բնագաւառներու ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կարեւոր են` երկրին տնտեսութեան վերաբերող հարցերու լուծման վերաբերեալ հասարակաց եզրեր գտնելու համար: Անոր համաձայն, տնտեսութեան վերաբերող երկխօսութիւնը, որուն հրաւիրած էր նախապէս Պաապտայի պալատին մէջ, պիտի կրկնուի` այնքան ատեն որ անոր կարիքը կը զգացուի, որպէսզի կարելի...

Պըրրի Ընդունեց Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանը

Պըրրի Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները: Յետմիջօրէին Պըրրիի հիւրը եղաւ նաեւ Սարգիս Սարգիսը, որուն հետ քննարկուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններու հարցը: Խորհրդարանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ. լուսարձակի տակ առնուեցան վերջին իրադարձութիւնները:

Սալամ Վարչապետարանէն Յայտարարեց  Իր Զօրակցութիւնը Վարչապետ Հարիրիի`  Անոր Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն Մէջ

Սալամ Վարչապետարանէն Յայտարարեց Իր Զօրակցութիւնը Վարչապետ Հարիրիի` Անոր Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղական ու շրջանային տարբեր հարցեր: Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սալամ յայտարարեց, որ այս այցելութիւնը կը միտի վարչապետին հետ քննարկել երկրին ապրած ներկայ կացութիւնը եւ խորհրդակցիլ այդ մասին: «Բոլորը գիտեն, որ ներկայիս կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք կ՛ենթադրեն յատուկ հոգատարութիւն,...

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց  Ֆրանսացի Եւ Ֆինլանտացի Գործընկերներ

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Ֆրանսացի Եւ Ֆինլանտացի Գործընկերներ

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան տնօրէն զօրավար Տիտիէ Պրուսը, որուն կ՛ընկերակցէր Ֆրանսայի զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Քրիսթիան Հերրու: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները` երկու բանակներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ այս փուլին առկայ համագործակցութիւնը: Ան ընդունեց նաեւ Ֆինլանտայի զինեալ ուժերու գործողութիւններու սպայակոյտի փոխհրամանատար զօրավար Էրօ Փիոթցիան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆինլանտայի դեսպան Մաթթի Լասսիլայի եւ...

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը  Կը Շարունակեն Ձերբակալել Ահաբեկչական  Խմբաւորումներու Անդամներ

Բանակը Ձերբակալած Է 6870 Յանցագործ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ ձեռնարկուած ապահովական քայլերու լոյսին տակ կարելի եղած է սեպտեմբերին ձերբակալել 6870 անձեր` տարբեր հպատակութիւն ունեցող: Անոնք մեղադրուած են գողութիւն, խոշտանգումներ, կրակոցներ, թմրեցուցիչի ու զէնքի մաքսանենգութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ապօրինի արարքներ գործելու յանցանքով:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նեզիհ Նաժարին, ինչպէս նաեւ դեսպանատան առաջին խորհրդական Նատեր Զաքին: Քննարկումի նիւթ եղան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ զինուորական հաստատութեան պարզած վիճակն ու անոր կարիքները: Նախարարը...

Պըրրի Խորհրդարանը  Հրաւիրեց Լիագումար Նիստի

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ, վաւերացնելու համար կառավարութեան կողմէ փոխանցուած շարք մը օրինագիծեր, որոնց շարքին նաեւ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու կոչուած տուրքերու օրինագիծը: Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը իր օրէնսդրական առաքելութեան շրջագիծին մէջ յանձնառու է այս թղթածրարը աւարտելու: Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն...

Պաապտայի Մէջ .  «Նախագահ Աուն Հաստատեց, Որ Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Յառաջիկայ Մայիսին»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Պաապտայի Մէջ . «Նախագահ Աուն Հաստատեց, Որ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Յառաջիկայ Մայիսին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Իր մեկնումէն առաջ Ռայի պատրիարքը Պաապտայէն ըսաւ. «Նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ մայիսին: Ան մեծ թիւով հարցերու լուծումներ ունի, եւ ես շնորհաւորեցի զինք` իր ծով համբերութեան համար»: Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք երկարատեւ աշխատանքային եւ ապա...

Հարիրի. «Ենթակառոյցներուն Վերաբերող  Ներդրումներու Ծրագիրին Շնորհիւ  Տնտեսական Աճ Կրնայ Արձանագրուիլ»

Հարիրի. «Ենթակառոյցներուն Վերաբերող Ներդրումներու Ծրագիրին Շնորհիւ Տնտեսական Աճ Կրնայ Արձանագրուիլ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ ենթակառոյցներուն վերաբերող ներդրումներու ծրագիրը` ներկայութեամբ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոնի, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտինի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի,...

«Բրիտանիա Կը Մերժէ Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Բնակեցումը  Լիբանանի Մէջ»   Ընդգծեց Շորթըր

«Բրիտանիա Կը Մերժէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Բնակեցումը Լիբանանի Մէջ» Ընդգծեց Շորթըր

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ Բրիտանիա կարեւոր նուաճումներ իրագործեց` աւելցնելով, որ Լոնտոն տակաւին բազմաթիւ ծրագիրներ կը հետապնդէ Լիբանանի մէջ: Շորթըր յայտնեց, որ Բրիտանիա օժանդակած է Լիբանանին` դիմագրաւելու համար Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնած է անոր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղած պայքարին մէջ:...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Հըզպալլա Պէտք Է Գիտնայ,  Որ Այն Ինչով Որ Կը Պարծենայ,  Լիբանանցիներու Շահերուն Շրջանցում Է»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Հըզպալլա Պէտք Է Գիտնայ, Որ Այն Ինչով Որ Կը Պարծենայ, Լիբանանցիներու Շահերուն Շրջանցում Է»

Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Սայտայի մէջ ելեկտրական շարժակներու սեփականատէրերուն միջեւ բախումներուն պատճառով արձանագրուած ապահովական խախտումները, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ: Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ Սայտայի մէջ պատահածը ապօրինի զէնքի գոյութեան պատճառով է, եւ անոր պատասխանատուները խուլիկաններն են, որոնք կը վայելեն միլիսներու...

Մարոնի Եպիսկոպոսները Կոչ Կ՛Ուղղեն  Արագացնելու Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Տունդարձը

Մարոնի Եպիսկոպոսները Կոչ Կ՛Ուղղեն Արագացնելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկուած տուրքերու օրէնքին սառեցումը եւ նոյն խորհուրդին կողմէ այդ օրէնքը սահմանադրութեան պատշաճեցումի մղելու քայլը ողջունելի է: Մարոնի եպիսկոպոսները նշեցին, որ Սահմանադրական խորհուրդը իր այդ որոշումով կը փաստէ, թէ քաղաքացին միայն երկրին քաղաքական...

Մալլաք. «Լիբանանի Ներքին Ապահովական  Կայունութիւնը Կը Սկսի  Սահմաններուն Պաշտպանութեամբ»

Մալլաք. «Լիբանանի Ներքին Ապահովական Կայունութիւնը Կը Սկսի Սահմաններուն Պաշտպանութեամբ»

Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք այցելեց Արեւմտեան Պեքաա, ուր ստուգեց բանակի Գ. վաշտի զինուորներուն վիճակը, ինչպէս նաեւ Մասնաայի եւ Ռաշայայի մէջ լիբանանեան-սուրիական սահմաններուն հսկող սահմանապահ ուժերը: Մալլաք այցելեց նաեւ Տէյր Աշայէր գիւղաքաղաքը, ուր ստուգեց սահմանապահ ուժերուն որդեգրած միջոցառումները` պաշտպանելու համար երկրին սահմանները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը: Մալլաք հանդիպում մը ունեցաւ սպաներուն ու զինուորականներուն հետ եւ անոնց ուղղեց անհրաժեշտ...

Page 701 of 987 1 … 700 701 702 … 987

Արխիւներ