ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ երկուշաբթի օրուան խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին երեսփոխանները պիտի քուէարկեն 2017-ի պետական ամավարկին եւ ոչ թէ այդ ամավարկին մասին ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրին:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին` շեշտելով, որ անիկա փշոտ թղթածրար մըն է, ինչպէս նաեւ ընդգծելով, որ այդ իմաստով սուրիական վարչակարգին հետ գործակցութիւնը խիստ մերժելի է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ ինք Յաւելուած արժէքի տուրքին դէմ պիտի քուէարկէ` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն նշանակումները կարելի եղած լաւագոյն նշանակումներն են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ այցելեց Արեւմտեան Պեքաա եւ Ռաշայա, ուր հաստատեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր շերտերը յաջորդ փուլին ընթացքին պէտք է յաւելեալ զգաստութեամբ վարուին եւ զիրար ամբողջացնեն: Ան շեշտեց, որ Լիբանանը կարելի է պաշտպանել ազգային եւ իմաստուն կեցուածքներով:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց Սայտայի դէպքերուն մասնակցող բոլոր յանցագործները ձերբակալելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ հարկերու նոր դրութիւնը համեստ դասակարգին դէմ չէ ուղղուած:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը բացառիկ է, հակառակ նախկին օրէնքին եւ անոր տարօրինակ արդիւնքներուն:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Նապաթիէի, Քֆարժոզի, Հպուշի, Արապսալիմի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Զաութարներու, Եըհմորի, Առնունի եւ Լիթանիի ու Զահրանիի վերեւ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի ընդգծեց, որ Նիւ Եորքի մէջ գումարուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած ճառը պատասխանատու էր եւ հաւասարակշռուած:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի այցելէ Ռիատ` հանդիպում մը ունենալու համար Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ: Հարիրիի այցելութիւնը պիտի կատարուի, երբ Սալման պըն Ապտել Ազիզ աւարտէ Ռուսիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ վերադառնայ Ռիատ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի քան բացառիկ են, եւ անոնց միջեւ սերտ գործակցութիւն կայ:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը 20 հոկտեմբերին պիտի ուղղուի Քալիֆորնիա, ուր պիտի մասնակցի Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան նուիրուած խորհրդաժողովի մը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ծոցի երկիրներու հարցերով Սէուտական Արաբիոյ պետական նախարար Թամեր Սապհան մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ` լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով:


