Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ դեսպաններ Էլիզապեթ Ռիչըրտը եւ Հիւկօ Շորթըրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները:
Ապա զօր. Աուն նախագահեց բանակին կատարուելիք ամերիկեան-բրիտանական օժանդակութիւններուն հսկող յանձնախումբի նիստին:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան սահմանները պաշտպանելու նպատակով Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի ներկայացնելիք օժանդակութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներուն կողմէ լիբանանեան բանակին ցարդ տրամադրուած զինուորական նպաստները, որոնց լոյսին տակ յստակացաւ նաեւ, թէ ի՛նչ յաւելեալ օժանդակութիւններ պէտք է յատկացնել լիբանանեան բանակին` ամբողջացնելու համար անոր կարիքները:
Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն` լիբանանեան բանակին անոնց տրամադրած տեսակարար օժանդակութեան համար, որուն կարեւոր դերակատարութեան շնորհիւ բանակը կրցաւ յաղթել ահաբեկչութեան եւ տապալել զայն` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յայտարարուած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ յանձնառութիւնը` լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնները շարունակելու:
Իրենց կարգին, Ռիչըրտ եւ Շորթըր ողջունեցին լիբանանեան բանակին մարտունակութիւնը, որ ահաբեկչութեան դէմ դրսեւորուեցաւ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին:
Անոնք ընդգծեցին, որ պիտի շարունակեն օժանդակել լիբանանեան բանակի զինումին, որպէսզի ան իր կարգին կարենայ պաշտպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու երկրին սահմաններուն անվտանգութիւնը:



