Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Սայտայի մէջ ելեկտրական շարժակներու սեփականատէրերուն միջեւ բախումներուն պատճառով արձանագրուած ապահովական խախտումները, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ Սայտայի մէջ պատահածը ապօրինի զէնքի գոյութեան պատճառով է, եւ անոր պատասխանատուները խուլիկաններն են, որոնք կը վայելեն միլիսներու հովանաւորութիւնը:
Մուսթաքպալ պլոքը ապահովութեան ուժերէն պահանջեց երկաթեայ բազուկով հարուածել եւ խիստ պատիժներու ենթարկել բոլոր օրինազանցները` արգիլելու համար այս ոճիրները եւ քրէական արարքները:
Մուսթաքպալ պլոքը պահանջեց վաւերացնել բարեկարգումները եւ 2017-ի պետական ամավարկը յղել խորհրդարան վաւերացումի նպատակով` նկատի ունենալով, որ սահմանադրութեան ճշդած թուականէն տասը ամիս ետք է, որ պիտի վաւերացուի այդ ամավարկը: Մուսթաքպալ պլոքը նշեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը վերջին անգամ 12 տարի առաջ` 2005-ին վաւերացուցած է պետական ամավարկը:
Պլոքը կոչ ուղղեց, որ յաջորդ փուլը ըլլայ տնտեսական բարգաւաճման փուլ մը` բարելաւելու համար լիբանանցիներուն կենսամակարդակը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի նոր սերունդներուն համար ապահովելու աշխատանքի կարելիութիւններ:
Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր հեղինակութիւնը պարտադրէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ Լիբանանը ինքզինք զանց կացուցէ շրջանային տագնապներէն, ինչպէս նշուած է «Պաապտայի յայտարարութեան» մէջ:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն` Մուսթաքպալ պլոքը նկատել տուաւ, որ սէյիտ Նասրալլա ներքին եւ արտաքին իր պատգամներուն մէջ այնպէս մը կը վարուի, որ ան է Լիբանանին տէրն ու տիրականը, սակայն խորքին մէջ ան լիբանանցիներուն շահերուն չի ծառայեր:
«Հըզպալլա պէտք է գիտնայ, որ այն ինչով որ կը պարծենայ, լիբանանցիներու շահերուն շրջանցում է», նշուեցաւ Մուսթաքպալ պլոքի հաղորդագրութեան մէջ:
Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան կողմէ Համրայի մէջ կատարուած զինուորական ցուցադրութիւնը, որ մտահոգիչ երեւոյթ է բոլոր լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան համար:
Այս շրջագիծին մէջ պլոքը խստիւ դատապարտեց նաեւ Քուսէյրի եւ վերջերս Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի կատարած զինուորական ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ժահիլիէի մէջ կատարուած զինուորական ցուցադրութիւնը` ընդգծելով, որ անոնք ցոյց կու տան, թէ Լիբանան կը գտնուի միլիսներու իշխանութեան ներքեւ:
Մուսթաքպալ պլոքը զարմանք յայտնեց Նահատակաց հրապարակին վրայ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին նուիրուած փառատօնը ջնջելու որոշումին համար, երբ մեծ թիւով միլիսներ բացայայտ զինուորական ցուցադրութիւններ կը կատարեն երկրին մէջ:



