Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները:
Յետմիջօրէին Պըրրիի հիւրը եղաւ նաեւ Սարգիս Սարգիսը, որուն հետ քննարկուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններու հարցը: Խորհրդարանի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ. լուսարձակի տակ առնուեցան վերջին իրադարձութիւնները:



