Լիբանանեան

Հարիրի Կ՛ողջունէ Իրաւաբանները` Զանոնք  Նկատելով Իրաւունքի, Արդարութեան  Եւ Ազատութեան Առաքեալներ

Հարիրի Կ՛ողջունէ Իրաւաբանները` Զանոնք Նկատելով Իրաւունքի, Արդարութեան Եւ Ազատութեան Առաքեալներ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Իրաւաբաններու օրուան առիթով ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Իրաւաբաններու օրուան առիթով կ՛ողջունեմ Լիբանանի բոլոր իրաւաբանները` իրաւունքի, արդարութեան եւ ազատութեան առաքեալները»: Միւս կողմէ, Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծին խաղաղութիւնը պաշտպանելու իմաստով թափուած ջանքերը:...

«Կը Պատրաստուինք Պետական Ամավարկի  Եւ Անոր Կրած Բարեփոխումներուն Վաւերացումին  Յատկացուած Խորհրդարանի Նիստերուն»  Շեշտեց Քանաան

«Կը Պատրաստուինք Պետական Ամավարկի Եւ Անոր Կրած Բարեփոխումներուն Վաւերացումին Յատկացուած Խորհրդարանի Նիստերուն» Շեշտեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի վաւերացումէն ետք եկամուտի եւ աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումը ելեւմտական եւ ընկերային հիմնական նուաճում մըն է, որ տասնամեակներէ ի վեր կը սպասուէր: «Աշխատավարձի յաւելումներն ու եկամուտի յատուկ օրէնքները ելեւմտական եւ ընկերային կայունութիւն...

Սարրաֆ. «Կը Մերժենք Լիբանանեան  Գերիշխանութեան Դէմ Գործուող  Որեւէ Ոտնձգութիւն»

Սարրաֆ. «Կը Մերժենք Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Գործուող Որեւէ Ոտնձգութիւն»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, երէկ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի, այցելեց Շաայթիէի եւ Սուրի միջեւ գտնուող իտալական զօրամասի կեդրոնը, ուր կը կատարուին լիբանանեան բանակի ռազմավարական վարժութիւններ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի եւ իտալական զօրամասի բարձրաստիճան զինուորականներուն: Իտալացի սպաներուն հետ Սարրաֆի եւ Մարոթթիի հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել Իտալիոյ` լիբանանեան բանակի ջոկատներուն համար վարժողական յատուկ...

Միքաթի Նաժարիի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Միքաթի Նաժարիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Միքաթի յայտնեց, որ գաղտնիք մը չէ, որ պետութիւնը կարիք ունի դրամական յաւելեալ աղբիւրներու` ֆինանսաւորել կարենալու համար աշխատավարձի յաւելումները եւ փակելու համար պետական պիւտճէի նիւթական բացը: «Այս բոլորը բնական են, սակայն անձամբ ձեռնպահ մնացի տուրքերու օրէնքին քուէարկութեան ժամանակ,...

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Նիստին.  «Կոչ Կ՛ուղղենք Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձին»  Շեշտեց Ղաթթաս Խուրի

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Նիստին. «Կոչ Կ՛ուղղենք Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձին» Շեշտեց Ղաթթաս Խուրի

Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի երէկ գլխաւորեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի 202-րդ խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալիլ Քարամ, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան եւ դեսպան Միլիա Ժապպուր: Խորհրդաժողովին ընթացքին Խուրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց Լիբանանի իւրայատուկ դերակատարութիւնը` կրօններու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մէջ: Ան նշեց, որ Լիբանան ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ ձերբակալեց Խալետ Մոհամետ Հուժէյրին եւ Ահմետ Ալի Հուժէյրին, որոնք 2013-ին Ռաայանի մէջ մեղսակցած են բանակին դէմ կատարուած յարձակումներուն: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի շահերուն ծառայող որեւէ հանդիպումի: Ան ողջունեց նախանցեալ օր խորհրդարանին մէջ տիրած համախոհութիւնը, որ ի շահ բոլորին էր: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան...

Յաւելումներուն Դիմաց Տուրքեր.  Անհրաժեշտ Հոլովո՞յթ, Թէ՞ Հարկային Ջարդ

Յաւելումներուն Դիմաց Տուրքեր. Անհրաժեշտ Հոլովո՞յթ, Թէ՞ Հարկային Ջարդ

Համախոհութիւնը մնաց տիրական. անոր ազդեցութիւնը երէկ նշմարուեցաւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին, երբ գրեթէ բոլոր երեսփոխանները նոյն լեզուն կը խօսէին եւ կրցան առաւօտեան ու գիշերային իրենց նիստերուն ընթացքին վաւերացնել տուրքերու շարան մը: Տուրքերու այդ շարանին, որ ոմանք սովորական նկատեցին, իսկ ուրիշներ` հարկային ջարդ, թեր քուէարկեցին 71 երեսփոխաններ, դէմ` 5 երեսփոխաններ, իսկ ձեռնպահ մնացին 9 ուրիշներ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին սկսած խորհրդարանի...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին  Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքին Հիման Վրայ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքին Հիման Վրայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին եւ առաջին անգամ ըլլալով համամասնական դրութեան հիման վրայ, այլ խօսքով` խորհրդարանին վաւերացուցած ընտրական նոր օրէքին հիման վրայ: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այս յայտարարութիւններէն բացի որեւէ այլ յայտարարութիւն պաշտօնական չէ եւ կարելի չէ անոր հաւատք...

Ժոմպլաթ. «Համաձայնեցանք Հարցերուն  Նկատմամբ Իրապաշտ Մօտեցում Ցուցաբերել»

Ժոմպլաթ. «Համաձայնեցանք Հարցերուն Նկատմամբ Իրապաշտ Մօտեցում Ցուցաբերել»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իշխանութեան երկու պետերուն հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ հարցերուն նկատմամբ իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերելու շուրջ: Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանը ամէն իմաստով ամրապնդելը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ եւ ամէն...

Զօր. Աուն Պիտի Այցելէ  Միացեալ Նահանգներ

Զօր. Աուն Պիտի Այցելէ Միացեալ Նահանգներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այս ամսուան աւարտին պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկացի պետական անձնաւորութիւններու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին  կարիքները: Միւս կողմէ, ամերիկացի պատասխանատուներ իմացած են, թէ Մոսկուա Լիբանանին զէնք ու զինամթերք չի նուիրեր, այլ կը վաճառէ: Անոնք իմացած են նաեւ, որ վաճառքի իմաստով բանակցութիւնները սառած վիճակի մէջ կը գտնուին եւ...

Մերժելով Պաշտօնավարութիւններու  Երկարաձգումն Ու Աղբերու Վերադարձը.  «Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւի  Անդամներ Կը Թափանցեն  Վարչապետարանի Ցանկապատէն Ներս

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Ահաբեկիչ Մը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2017-ին, Արսալի մէջ ձերբակալեցին լիբանանցի Ալի Հիւսէյն Հուժէյրին (ծնեալ` 1978-ին), որ անդամ էր ահաբեկչական կազմակերպութեան մը եւ մեղսակցած ահաբեկչական տարբեր գործողութիւններու: Ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւեցին անոր մօտ գտնուող անթել հաղորդակցութեան սարքեր: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող Քըրն Սէյիտ շրջանին մէջ ականներու վնասազերծման...

«Համացանցի Արագութիւնը Զգալի  Պիտի Դառնայ Յառաջիկայ Տարեսկիզբին»  Շեշտեց Ժարրահ

«Համացանցի Արագութիւնը Զգալի Պիտի Դառնայ Յառաջիկայ Տարեսկիզբին» Շեշտեց Ժարրահ

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութեան կողմէ նախարարութեան յատկացուած գումարը պիտի արտօնէ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը կարենայ ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրագործել ֆայպըր օփթիք ցանցը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բարելաւել համացանցի արագութիւնը: Ժարրահ շեշտեց, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին արագ համացանցի ծառայութիւն կարելի պիտի ըլլայ մատուցել լիբանանցիներուն, ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն: «450 միլիառ լ. ոսկի արժողութեամբ գումարը, որ նախարարութեան յատկացուած  է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց հեռանալու քաղաքական լարուածութիւն ստեղծող բանավէճէն եւ կայուն մթնոլորտ ապահովելու երկրին ու քաղաքացիին համար: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ այսօր պիտի մեկնի Հունգարիա, ուր պիտի քննարկուին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հունգարիոյ միջեւ երկկողմանի առեւտուրն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա...

Դիւանագիտական Աշխուժ  Եռուզեռի Մթնոլորտին Մէջ.  Ընտրական Նոր Օրէնքի Եւ Պետական Պիւտճէի  Քննարկումը` Օրակարգի Առանցքային Նիւթ

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Վաւերացնէ Կառավարութեան Բարեփոխած Տուրքերու Օրինագիծը

Խորհրդարանը այսօր պիտի գումարէ իր օրէնսդրական նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, եւ պիտի վաւերացնէ կառավարութեան կողմէ խորհրդարան փոխանցուած օրինագիծերը: Օրինագիծերը, որոնք տուրքերու բարեփոխուած տարբերակներ են, կը միտին ֆինանսաւորել աշխատավարձի յաւելումները: Նշենք, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնն ու այլ խորհուրդներ կազմ ու պատրաստ կը սպասեն հետեւելու այսօրուան նիստին, որուն ընթացքին, եթէ անակնկալներ պատահին, ապա անոնք պիտի վերադառնան բողոքի...

«Նախագահ Աուն Հըզպալլայի Գործակալը Չէ,  Իսկ Ուաշինկթընը Նեղացնողը Այն Է,  Թէ Ան Իրեն Գործակալ Նախագահ Կը Փափաքի Ունենալ»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Նախագահ Աուն Հըզպալլայի Գործակալը Չէ, Իսկ Ուաշինկթընը Նեղացնողը Այն Է, Թէ Ան Իրեն Գործակալ Նախագահ Կը Փափաքի Ունենալ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք Պեքաայի Այն գիւղաքաղաքին մէջ Դիմադրութեան պատասխանատուներէն մէկուն նահատակութեան յիշատակը ոգեկոչելու ընթացքին պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց, որ յաղթանակները նահատակներուն արիւնով է, որ կը կերտուին` աւելցնելով, որ տասնեակ հազարաւոր քիլոմեթրերու վրայ երկարող սուրիական անապատին մէջ նահատակուած հերոսներն են, որոնք ՏԱՀԵՇ-ին յաղթած են: Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ յաղթանակը միայն զայն ոչնչացնելով...

Պասիլ Այցելեց Արեւմտեան Պեքաա`  Հաստատելով Բնակեցումը  Մերժելու Լիբանանի Կեցուածքը

Պասիլ Այցելեց Արեւմտեան Պեքաա` Հաստատելով Բնակեցումը Մերժելու Լիբանանի Կեցուածքը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Արեւմտեան Պեքաա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր գիւղաքաղաքներու հեղինակութիւններուն հետ, շեշտելով, որ լիբանանեան պետութեան նպատակն է լիբանանցին իր հողին վրայ պահել: Միւս կողմէ, Խըրպեթ Քանաֆարի մէջ Պասիլ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններ պիտի չհիմնուին` աւելցնելով, որ սուրիացի քաղաքացիներուն միակ ուղին տունդարձը պիտի ըլլայ: Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը կը...

Սարրաֆ. «Նոր Իշխանութիւնը Կրցաւ Մշակել  Ընտրական Նոր Օրէնք Մը,  Որ Քուէարկողը Կը Մղէ Ազատօրէն Ընտրելու»

Սարրաֆ. «Նոր Իշխանութիւնը Կրցաւ Մշակել Ընտրական Նոր Օրէնք Մը, Որ Քուէարկողը Կը Մղէ Ազատօրէն Ընտրելու»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց Սուր, ուր յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Թումա եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ կիրակի օրուան պատարագին: Սարրաֆ յայտնեց, թէ նոր իշխանութիւնը կրցած է մշակել ընտրական նոր օրէնք մը, որ քուէարկողը կը մղէ ազատօրէն ընտրելու: «Ժամանակն է արդէն, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական աշխատանքը անհատներու մակարդակէն բարձրանայ ծրագիրներու մակարդակին», ըսաւ ան: Սարրաֆ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը...

«Յիսուս Այցելած Է Լիբանան  Եւ Այդ Պատճառով Ալ  Այս Երկիրը Սուրբ Հող Է»   Շեշտեց Քաչիա

«Յիսուս Այցելած Է Լիբանան Եւ Այդ Պատճառով Ալ Այս Երկիրը Սուրբ Հող Է» Շեշտեց Քաչիա

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա Լիբանանի մէջ իր առաքելութեան աւարտին առիթով Հարիսայի մէջ մատուցեց շնորհակալութեան պատարագ մը, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ նշեց, թէ Լիբանանի մէջ հաւատք գտած է: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու բազմազանութիւնը` զայն նկատելով իսկական գեղեցկութիւն: Ան շեշտեց, որ ինք  կ՛աղօթէ միջքրիստոնէական միասնականութեան ամրապնդումին համար` աւելցնելով, որ Լիբանան երկխօսութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները պիտի չհրաժարին` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իրենց յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց Լիբանան-Սուրիա սահմանները բանալու եւ Դամասկոսի հետ համագործակցելու` սպառել կարենալու համար լիբանանեան արտադրութիւնները: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ֆըրզոլ, ուր  կոչ ուղղեց աւելցնելու արտածուող լիբանանեան...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Հսկող Խորհուրդի Կազմութիւնը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Հսկող Խորհուրդի Կազմութիւնը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 63 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի կազմութեան կէտը, ինչպէս նաեւ օրակարգի վրայ գտնուող շարք մը այլ կէտեր: Ռիաշի նշեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի Պաապտայի մէջ` նախագահութեամբ...

Page 700 of 987 1 … 699 700 701 … 987

Արխիւներ