Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ ենթակառոյցներուն վերաբերող ներդրումներու ծրագիրը` ներկայութեամբ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոնի, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտինի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆելի, Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի եւ վարչապետ Հարիրիի խորհրդատուներուն:
Նիստին ընթացքին ներկայացուած այս ծրագիրը, որ տասը տարուան ընթացքին պիտի գործադրուի, կարիքը ունի կառավարութեան եւ ապա խորհրդարանին վաւերացումին:
Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց այս ծրագիրին անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ենթակառոյցներու վերաբերող ներդրումներու այս ծրագիրին շնորհիւ տնտեսական աճ կրնայ արձանագրուիլ:
Ան նշեց, որ այս ծրագիրը պիտի ըլլայ նախաքայլը, որուն պիտի յաջորդէ յառաջիկայ տարեսկիզբին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան խորհրդաժողովը, որ յայտարարուած էր նախագահներ զօր. Միշել Աունի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ:
Միւս կողմէ, վարչապետը ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան իր կարգին այցելեց Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց գաղթականներու հարցերու նախարարութիւնը փակելու փուլերը եւ առաջարկեց զայն ներկայացնել կառավարութեան, որպէսզի զայն վաւերացնէ եւ իր կարգին փոխանցէ խորհրդարան:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հարիրի մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Վատիկան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:



