Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . «Նախագահ Աուն Հաստատեց, Որ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Յառաջիկայ Մայիսին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

October 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Իր մեկնումէն առաջ Ռայի պատրիարքը Պաապտայէն ըսաւ. «Նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ մայիսին: Ան մեծ թիւով հարցերու լուծումներ ունի, եւ ես շնորհաւորեցի զինք` իր ծով համբերութեան համար»:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք երկարատեւ աշխատանքային եւ ապա հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Վատիկան, ապա Միացեալ Նահանգներ:

Լիբանանը քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու երկխօսութեան կեդրոնի վերածելու նախաձեռնութեան մասին իր կարծիքին ակնարկող հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ պէտք է աշխատիլ ներքին լիբանանեան երկխօսութեան վրայ եւ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս շրջանային տագնապներէն:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին անդամները` ներկայութեամբ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. պատրիարքին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ ծայրայեղութեան` աւելցնելով, որ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ Լիբանան առաջարկած է երկիրը վերածել քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու երկխօսութեան կեդրոնի:

Նախորդը

Հարիրի. «Ենթակառոյցներուն Վերաբերող Ներդրումներու Ծրագիրին Շնորհիւ Տնտեսական Աճ Կրնայ Արձանագրուիլ»

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստի

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.