Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նեզիհ Նաժարին, ինչպէս նաեւ դեսպանատան առաջին խորհրդական Նատեր Զաքին: Քննարկումի նիւթ եղան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ զինուորական հաստատութեան պարզած վիճակն ու անոր կարիքները:

Նախարարը ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Ապպաս Հաշեմը եւ Նեպիլ Նիքոլան, որոնց հետ քննարկեց ընդհանուր զարգացումները, իսկ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի հետ արծարծեց լիբանանեան ներքին կեանքին վերաբերող զարգացումները:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու սպաննուած անդամի մը դիակը յայտնաբերուած է արտաքին գործոց նախարարութեան պահակներու սենեակներէն մէկուն մէջ:

ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին, Լիբանանի մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Միացեալ Նահանգներ շահեր չունին Լիբանանի մէջ: Ըստ անոր, Լիբանան կը հանդիսանայ այն ապահովական խարիսխը, ուրկէ այդ երկիրը իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ շրջանին մէջ: Ուստի, միջազգային պահանջ կայ Լիբանանը ապահով ու կայուն պահելու, որպէսզի համաշխարհային գաղտնի սպասարկութիւններ բոցավառող Արեւելքի մէջ իրենց աշխատանքները կատարելու կեդրոն ունենան: Թերթը գրած է նաեւ, որ Լիբանան պիտի ըլլայ այն հիմքը, որուն վրայ պիտի սկսի Սուրիոյ կառուցման աշխատանքը:

ԸՍՏ «Նաշրա»-ի, Թրիփոլիի մէջ` նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի գրասենեակին մօտերը ծայր առած է կռիւ մը, որուն ընթացքին կրակոցներ արձակուած են, ու արձանագրուած է երկու վիրաւոր:

Նախորդը

Քիւրտերը Սուրիոյ Մէջ Գրաւած Են Քարիւղի Հանք Մը

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալած Է 6870 Յանցագործ

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.