Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան տնօրէն զօրավար Տիտիէ Պրուսը, որուն կ՛ընկերակցէր Ֆրանսայի զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Քրիսթիան Հերրու:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները` երկու բանակներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ այս փուլին առկայ համագործակցութիւնը:
Ան ընդունեց նաեւ Ֆինլանտայի զինեալ ուժերու գործողութիւններու սպայակոյտի փոխհրամանատար զօրավար Էրօ Փիոթցիան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆինլանտայի դեսպան Մաթթի Լասսիլայի եւ Ֆինլանտայի զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Ժըրքի Լիթմանենի: Արծարծուեցաւ կարելիութիւնը երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ համագործակցութեան առաւել եւս զարկ տալու, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ֆինլանտայի ջոկատին կատարած առաքելութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ:



