Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Վարչապետարանէն Յայտարարեց Իր Զօրակցութիւնը Վարչապետ Հարիրիի` Անոր Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն Մէջ

October 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ տեղական ու շրջանային տարբեր հարցեր:

Հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սալամ յայտարարեց, որ այս այցելութիւնը կը միտի վարչապետին հետ քննարկել երկրին ապրած ներկայ կացութիւնը եւ խորհրդակցիլ այդ մասին: «Բոլորը գիտեն, որ ներկայիս կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք կ՛ենթադրեն յատուկ հոգատարութիւն, հանդուրժողականութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք դիմագրաւել: Բոլորը գիտեն նաեւ, որ քաղաքացիին եւ երկրին վերաբերող բազմաթիւ հարցերու առնչութեամբ կան բացթողումներ ու խախտումներ: Առ այդ, առկայ է անհանգիստ մթնոլորտ մը, որ կ՛առաջնորդէ պահանջկոտութեան: Բայց եւ այնպէս պէտք է հաստատել, որ վարչապետ Հարիրի իր առաւելագոյնը ի գործ կը դնէ, այդ ալ հետեւողական կերպով, որպէսզի այս բազմաթիւ հարցերուն լուծում եւ բարդ կացութիւններէ ելք գտնէ», հաստատեց Սալամ:

Նախկին վարչապետը դիտել տուաւ, որ այս փուլն ու պայմանները կը պահանջեն կողք- կողքի ըլլալ, մեր դերակատարութենէն, առաւելութենէն ու պատասխանատուութենէն ոչ մէկ զիջում կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնական ճիգերով հարցերը ճիշդ ուղիի վրայ դնել եւ օժանդակել երկրի վերականգնման: Անոր համաձայն, ներկայիս պարզ իրողութիւն է, որ ո՛չ միայն անկայուն վիճակ կայ երկրին մէջ, այլ նաեւ խարխափումի կացութիւնը կը յամենայ: Այս բոլորը, բնականաբար, իրենց անդրադարձը կ՛ունենան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն վրայ, ինչ որ կը պահանջէ յաւելեալ միասնականութիւն: «Ես, անձնապէս, մնայուն կապի մէջ եմ վարչապետ Հարիրիի հետ յատկապէս, իմ դիրքէս նաեւ կը հետեւիմ ընդհանրապէս երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Պէտք է անպայման արձանագրել կարգ մը նուաճումներ, որոնք պարտադրաբար նոր չեն, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով սառեցուած էին կամ կը դիմագրաւէին տարբեր արգելքներ, սակայն այդ բոլորը կարելի եղած է շրջանցել արդէն: Իսկ երբ նուաճումներ կան, ուրեմն անպայման պիտի ըլլան դիտողութիւններ եւ քննադատութիւններ, որովհետեւ չաշխատողը չի քննադատուիր, իսկ աշխատողը, բնականաբար, քննադատութեան թիրախ կը դառնայ: Բայց եւ այնպէս այսօր ես կը յայտարարեմ, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս վարչապետ Հարիրիի կողքին եմ, կողքին եմ այն անձնաւորութեան, որ կը հանդուրժէ եւ ձեռնոց կը վերցնէ, տէրն է իր պաշտօնին, փախուստ չի տար, չի տկարանար, կը կրէ տագնապը եւ կը քալէ, ինչ որ դիւրին ընտրութիւն չէ», ըսած ան:

Թամմամ Սալամ նաեւ նշեց, որ արդէն գրեթէ տարի մը անցած է Հարիրիի` վարչապետի պաշտօնի ստանձնումէն, սակայն միշտ ալ կայ յոյսը աւելի լաւ պայմաններու ու ապագայի ստեղծման: Ան այս առումով իր լաւատեսութիւնը յայտնեց, հակառակ կարգ մը անձերու անհանգստութեան ու մտահոգութիւններուն` աւելցնելով, որ լիայոյս է, որ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարին, տուրքերու օրէնքին եւ ամավարկի որդեգրումէն ետք աւելի դրական վիճակ պիտի տիրէ Լիբանանի մէջ, մանաւանդ որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենան կարեւոր ընտրութիւններ, որոնք ժողովուրդին համար առիթ պիտի ըլլան Լիբանանի վերաբերող իրենց փափաքները դրսեւորելու:

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Ֆրանսացի Եւ Ֆինլանտացի Գործընկերներ

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.