Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ ձեռնարկուած ապահովական քայլերու լոյսին տակ կարելի եղած է սեպտեմբերին ձերբակալել 6870 անձեր` տարբեր հպատակութիւն ունեցող: Անոնք մեղադրուած են գողութիւն, խոշտանգումներ, կրակոցներ, թմրեցուցիչի ու զէնքի մաքսանենգութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ապօրինի արարքներ գործելու յանցանքով:



