Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Տնտեսական Խորհուրդներու Պատուիրակութեան Կը Հաստատէ, Որ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Ետդարձ Չկայ

October 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը` դիտել տալով, որ իշխանաւորներուն եւ տնտեսական ու ելեւմուտքի բնագաւառներու ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կարեւոր են` երկրին տնտեսութեան վերաբերող հարցերու լուծման վերաբերեալ հասարակաց եզրեր գտնելու համար: Անոր համաձայն, տնտեսութեան վերաբերող երկխօսութիւնը, որուն հրաւիրած էր նախապէս Պաապտայի պալատին մէջ, պիտի կրկնուի` այնքան ատեն որ անոր կարիքը կը զգացուի, որպէսզի կարելի ըլլայ ակնկալուած նպատակներու իրագործումին հասնիլ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ պետութիւնը արդէն իսկ իր լրումին պիտի հասցնէ եւ գործադրութեան դնէ տնտեսական ծրագիր մը, որ կը միտի արտադրութեան բնագաւառին յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնել եւ կարեւորութիւն տալ, մանաւանդ որ վերջին տարիներուն այդ բնագաւառը լուսանցքայնացուած էր, ինչ որ ժխտական անդրադարձ ունեցած է երկրին բնական ընթացքին վրայ:

Զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ ետդարձ չկայ այն հոլովոյթներէն, որոնք հսկողութեան տակ կը դնեն մուտքերն ու ելքերը, ինչպէս նաեւ կը հետեւին փտածութեան ու կը պայքարին անոր դէմ, որովհետեւ այս բոլորը իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենան ակնկալուած բարեկարգումներուն վրայ: Ան հաստատեց, որ պէտք է աշխատանք տարուի նախորդ ամիսներուն արձանագրուած դրական զարգացումները լուսարձակի տակ բերելու, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի այս ամրան զբօսաշրջութեան եղանակին արձանագրած յաջողութեան, մուտքերու յաւելումներուն` մաքսատուրքերուն շնորհիւ, ինչպէս նաեւ այն դրական փոփոխութեան, որ տեղի ունեցաւ վճարումներու հաշուեկշիռին մէջ` աւելցնելով, որ շեշտը ժխտական կողմին վրայ դնելը ո՛չ երկրին, եւ ո՛չ ալ ճշմարտութեան կը ծառայէ:

Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութեան անդամները նախագահ Աունին ներկայացուցին տուրքերու օրէնքին փոփոխութեան վերաբերող իրենց դիտողութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով այն ժխտական անդրադարձները, զորս անոնք կրնան ունենալ տնտեսական ընդհանուր կացութեան վրայ:

Հանդիպումէն ետք Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատի նախագահ Մոհամետ Շքէյր, որ կը գլխաւորէր Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը, յայտարարեց, թէ հանդիպումը աւելի քան լաւ էր, անոր ընթացքին հանրապետութեան նախագահը տեղեակ պահուած է վարչապետին եւ ելեւմուտքի նախարարին հետ պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումներուն մթնոլորտին ու քննարկուած հարցերուն մասին: Անոր համաձայն, նախագահին հետ կարելի եղած է հարթել հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն մեծամասնութիւնը, իսկ մնացեալ առկախ կէտերը, որոնք յատկապէս կը վերաբերին կրկնակի հարկումին, դրուած են նախագահ Աունի հոգատարութեան տակ` հաւատալով, որ իշխանութեան այս փուլը արդարութեան փուլ է:

Մոհամետ Շքէյր նշեց, որ կրկնակի հարկումին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները փոխանցած են նաեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող հաստատութիւններու, իրաւաբաններու սենտիքային: Ան աւելցուց, որ նախագահ Աունէն խնդրած են սերտել իրենց մտահոգութիւնները եւ ճշդել, եթէ անոնք տեղին են, այսինքն` կրկնակի հարկում կայ, իսկ չըլլալու պարագային, իրենք պատրաստակամ են ժպիտով ու գոհունակութեամբ վճարելու տուրքերը:

Մոհամետ Շքէյր ըսաւ, որ հարցը նախագահին տնօրինումին յանձնուած է արդէն` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարարը եւս պատրաստակամութիւն յայտնած է այս մասին երկխօսութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սերտել, եթէ 2018-ի պետական պիւտճէին մէջ փոփոխութիւն ընելու կարելիութիւն կայ, մանաւանդ որ կառավարութիւնը եւս կը խոստովանի, որ հարկային օրէնքներն ու կանոնները հնամենի են եւ կարիք ունին փոփոխութեան:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

«ԱՊՀ-ի Նախարարները Կրնան Արցախի Հարցը Քննել» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.