Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի վաւերացումէն ետք եկամուտի եւ աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումը ելեւմտական եւ ընկերային հիմնական նուաճում մըն է, որ տասնամեակներէ ի վեր կը սպասուէր:
«Աշխատավարձի յաւելումներն ու եկամուտի յատուկ օրէնքները ելեւմտական եւ ընկերային կայունութիւն կ՛ապահովեն, ինչպէս նաեւ առիթ կու տան լիբանանցի ժողովուրդին եւ պետութեան միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու», ըսաւ ան:
Քանաան շեշտեց, որ առանց պետական ամավարկի, բարեկարգումի եւ հսկողութեան, պետութիւն չկայ` աւելցնելով, որ իրենք կը պատրաստուին պետական ամավարկի եւ անոր կրած բարեփոխումներուն վաւերացումին յատկացուած խորհրդարանի նիստերուն, որոնց հրաւիրած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
«Կը ջանանք հիմերը դնել այնպիսի Լիբանանի մը եւ քաղաքացիի մը, որուն կեանքը աւելի կայուն է եւ որուն պետութիւնը կրնայ ինքն իր ուժերուն վստահիլ», հաստատեց Քանաան:
Ան հաստատեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը պէտք եղած հսկողութիւնը պիտի կատարէ` ընդգծելով, որ պիտի չարտօնեն, որ լիբանանցիները աւելորդ տուրքեր վճարեն: «Սպառողներուն պաշտպանութիւնը պիտի շարունակուի, իսկ դատական իշխանութիւնները հաշուետուութեան պիտի կանչեն», ըսաւ ան:
Պետական ամավարկին բարեփոխումներուն ակնարկելով` Քանաան յայտնեց, որ անոնք լրիւ որդեգրուած են ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ:
Այս առիթով Քանաան կոչ ուղղեց երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն` յանձնառու մնալու այդ բարեփոխումներուն:
Քանաան ընդգծեց, որ անբաւարար է ըսել, թէ իրենք դէմ են մսխումին եւ փտածութեան: «Վստահ ենք, որ խորհրդարանը պատասխանատու մօտեցումով պիտի քննարկէ ու վաւերացնէ պետական ամավարկը», հաստատեց Քանաան:


