Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք Պեքաայի Այն գիւղաքաղաքին մէջ Դիմադրութեան պատասխանատուներէն մէկուն նահատակութեան յիշատակը ոգեկոչելու ընթացքին պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց, որ յաղթանակները նահատակներուն արիւնով է, որ կը կերտուին` աւելցնելով, որ տասնեակ հազարաւոր քիլոմեթրերու վրայ երկարող սուրիական անապատին մէջ նահատակուած հերոսներն են, որոնք ՏԱՀԵՇ-ին յաղթած են:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ յաղթանակը միայն զայն ոչնչացնելով կարելի է ապահովել:
Ան շեշտեց, թէ ոմանք կը փափաքին, որ ՏԱՀԵՇ վերաշխուժանայ եւ վերստին բռնագրաւէ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի հողերը: «Միացեալ Նահանգներ այս իմաստով կ՛օժանդակեն եւ կը զօրակցին ՏԱՀԵՇ-ին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան ըսաւ, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին, ինչպէս նաեւ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակուի կատարեալ հեզասահութեամբ, կառավարութիւնը կատարէ իր աշխատանքները եւ լուծէ երկրին ելեւմտական ու տնտեսական տագնապները, յատկապէս գործադրելով աշխատավարձի յաւելումները:
«Լիբանանի դէմ բարձրացող որեւէ ձեռք պիտի կտրուի, որո՛ւն որ ալ պատկանի ան, իսկ Լիբանանի անդորրը խանգարելու որեւէ փորձ պիտի ենթարկուի ձախողութեան», ըսաւ ան:
«Նախագահ Աուն Հըզպալլայի գործակալը չէ, իսկ Ուաշինկթընը նեղացնողը այն է, թէ ան իրեն գործակալ նախագահ մը կը փափաքի ունենալ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան դրամական պատժամիջոցները ոչինչ պիտի փոխեն Դիմադրութեան ուղեգիծէն` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը զօրակցի լիբանանեան այն տեսակէտին, որ Լիբանանի տնտեսութիւնն ու ելեւմտական իրավիճակը պէտք է զերծ կացուցուին Հըզպալլայի դէմ որդեգրուելիք պատժամիջոցներէն:



