Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2017-ին, Արսալի մէջ ձերբակալեցին լիբանանցի Ալի Հիւսէյն Հուժէյրին (ծնեալ` 1978-ին), որ անդամ էր ահաբեկչական կազմակերպութեան մը եւ մեղսակցած ահաբեկչական տարբեր գործողութիւններու:
Ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւեցին անոր մօտ գտնուող անթել հաղորդակցութեան սարքեր:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող Քըրն Սէյիտ շրջանին մէջ ականներու վնասազերծման աշխատանքի մը ընթացքին բանակային մը թեթեւօրէն վիրաւորուած է եւ իսկոյն փոխադրուած հիւանդանոց:



