ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները պիտի չհրաժարին` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իրենց յարաբերութիւնները լաւ վիճակի մէջ են:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց Լիբանան-Սուրիա սահմանները բանալու եւ Դամասկոսի հետ համագործակցելու` սպառել կարենալու համար լիբանանեան արտադրութիւնները:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ֆըրզոլ, ուր կոչ ուղղեց աւելցնելու արտածուող լիբանանեան արտադրութիւններուն համեմատութիւնը, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներուն հետ բարելաւելու Լիբանանի յարաբերութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ ան անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ հետ ցամաքային ճամբան բանալու եւ լիբանանեան արտադրութիւնները այլ երկիրներ հասցնելու քայլը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, թէ որեւէ յաւելում` առանց նոր տուրքերու, կրնայ Լիբանանը սնանկութեան ենթարկել:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը պահանջէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ աղբերը դարձեալ փողոցներուն մէջ պիտի չկուտակուին` աւելցնելով, որ այդ իմաստով աշխատանքը հունի մէջ մտած է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումը սահմանադրական իրաւունք է, որ այլեւս բանավէճի ենթակայ չէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանը կարելի չէ բնակեցումի երկրի մը վերածել` աւելցնելով, որ գաղթականները պէտք է տունդարձ կատարեն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խորհրդարանի այսօրուան լիագումարին ընթացքին տուրքերու օրէնքին դէմ պիտի քուէարկէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի յաղթանակը իրենց համար ռազմավարական աղէտ կը նկատեն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ պետական ամավարկը պիտի կարգաւորուի 2018-ին` աւելցնելով, որ անիկա պիտի պարփակէ տնտեսական յստակ ծրագիր մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց, որ իրենց մաղթանքն է տեսնել, որ տուրքերը կը պարտադրուին դրամատուներուն, ծովային կալուածներուն եւ դրամական ընկերութիւններու սեփականատէրերուն վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու շրջագիծին մէջ, պէտք է նկատի ունենալ բոլոր լիբանանցիներուն շահերը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ իսլամական պետութիւնները միասնաբար պէտք է դիմադրեն ահաբեկչութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Ամալ շարժումը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու յանձնառութեան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը Զահլէի մէջ պատրաստ է ընտրական դաշինքներ հաստատելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլը տակաւին Լիբանանը կը պահէ իր ապահովական թիրախներու օղակին մէջ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն ընտրութիւնները յետաձգելու կամ ջնջելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որեւէ փորձ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը հետզհետէ կը շեշտուի եւ վտանգաւոր կը դառնայ, առանց ոեւէ լիբանանցի խնայելու: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան ներքին հարցերուն սէուտական վարչակարգին միջամտութիւնները կարելի է վտանգ նկատել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շաբաթավերջին շարք մը իրաւաբաններու ներկայութեան յայտնեց, որ Թրիփոլիի, Աքքարի, Պեքաայի, Շուֆի եւ Պէյրութի Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելը երկիրը կը մղէ դէպի նոր փուլ:
ՊԱԱԼՊԵՔ – ՀԵՐՄԵԼԻ նահանգապետ Պաշիր Խտըր շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին ունեցած հետեւանքները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ հսկելու երկրին ապահովական կայունութեան:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ամալ շարժումի պատասխանատուէ մը, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են` աւելցնելով, որ Պըրրի կը զօրակցի կառավարութեան: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախագահական պալատի աղբիւրներ իրենց կարգին շեշտած են, որ Հարիրիի հետ յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ անոնց էութիւնը Լիբանանի գերագոյն շահերն են:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պըրժ Պարաժնէի եւ Տէյր Քուպելի մէջ ձերբակալուած են երեք լիբանանցիներ, որոնք կը լրտեսէին ի նպաստ Իսրայէլի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի Հռոմ կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը պիտի ըլլայ քառօրեայ այցելութիւն մը, որուն ընթացքին Հարիրի հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին եւ իտալացի իր պաշտօնակիցին` Փաուլօ Ճենթիլլոնիի հետ:


