Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Արեւմտեան Պեքաա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր գիւղաքաղաքներու հեղինակութիւններուն հետ, շեշտելով, որ լիբանանեան պետութեան նպատակն է լիբանանցին իր հողին վրայ պահել:
Միւս կողմէ, Խըրպեթ Քանաֆարի մէջ Պասիլ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններ պիտի չհիմնուին` աւելցնելով, որ սուրիացի քաղաքացիներուն միակ ուղին տունդարձը պիտի ըլլայ:
Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը կը մերժէ տեղահանուածներուն կամ գաղթականներուն բնակեցումը:
Ռաշայայի մէջ Պասիլ ըսաւ, որ անցնող 11 ամսուան ընթացքին կառավարութիւնը հսկայ նուաճումներ իրագործեց` դիտել տալով, որ այս փուլին ան տնտեսական եւ ելեւմտական ծրագիրներ իրագործելու ուղիին վրայ կը գտնուի:
Պասիլ նշեց, որ իրենք քաղաքական տարբեր ուժերու հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրներ ունին եւ պիտի շարունակեն այդ համաձայնութիւններուն հիման վրայ ընթանալ: Ան նկատել տուաւ, որ ընտրական հոլովոյթին մէջ իրենց հակառակորդը հայրենիքին մէջ դաշնակից ուժ է, եւ այդ ձեւով է, որ պիտի կարենան կերտել Լիբանանի ապագան:
Ժըպ Ժըննինի մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նոր մասնաճիւղի մը, ուր ան շեշտեց, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կանոնագիրին անունը Լիբանան է:
Ան նշեց, որ հակառակ լիբանանցի քաղաքացիին կամքին լիբանանեան հողերուն վրայ ապրող ոեւէ օտար անհատ կը նկատուի երկիրը բռնագրաւող անհատ:



